Որոնել

Սուրբ Պօղոս արձանը Սուրբ Պօղոս արձանը 

Եկեղեցին կ՝ունենայ երկու նոր երանելիներ, անոնց շարքին Լիբանանցի Աստուծոյ ծառայ Պեշարա Ապու-Մուրատ

Լեւոն ԺԴ. Պապը արտօնեց Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան հինգ հրամանագիրերու հրատարակումը։ Շուտով երանելի պիտի հռչակուի Պեշարա Ապու-Մուրատը՝ Սուրբ Փրկիչ Պասիլեան Միաբանութեան լիբանանցի կրօնաւորը։ Համազօր երանացում պիտի շնորհուի ԺԵ-ԺԶ դարերուն Ֆրանսայի մէջ ապրած Փոքրիկ Եղբայրներու Միաբանութեան անդամ Կապրիէլ Մարիային, մինչդեռ ճանաչցուեցան լիկուրիացի քահանայի մը, հնդիկ Քափուչին կրօնաւորի մը եւ պրեշիացի աշխարհականի մը հերոսական առաքինութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 21 Փետրուարին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ունկնդրութեան շնորհեց Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին։ Ունկնդրութեան ընթացքին, Քահանայապետը լիազօրեց նոյն Վերատեսչութիւնը հրատարակելու հրամանագիրը՝ առաքինութիւններու հերոսականութեան Աստուծոյ Ծառայ Կապրիէլ Մարիայի (աւազանի անունով՝ Ժիլպեր Նիքոլա), Փոքրիկ Եղբայրներու Միաբանութեան ուխտաւոր քահանայ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման Միաբանութեան համահիմնադիր, ծնած շուրջ 1460-ին Ռիոմի մօտ (Ֆրանսա) եւ մահացած 27 Օգոստոս 1532-ին Ռոտեզ (Ֆրանսա)։

Նոյն ունկնդրութեան ընթացքին,քահանայապետը արտօնեց հրատարակումը այն հրամանագիրերուն, որոնք կը վերաբերին՝

Այն հրաշքին, որ կը վերագրուի Աստուծոյ Ծառայ Պեշարա Ապու-Մուրատի (աւազանի անունով՝ Սելիմ) բարեխօսութեան, Ան որպէս քահանայ անդամ էր Մելքիթներուն Սուրբ Փրկիչ Պասիլեան Միաբանութեան, ծնած է 19 Մայիս 1853-ին Զահլէ (Լիբանան) եւ մահացած 22 Փետրուար 1930-ին Սայտա (Լիբանան)։

Աստուծոյ Ծառայ Ֆրանչեսքօ Լոմպարտիի հերոսական առաքինութիւններուն․ թեմական քահանայ, ծնած 24 Փետրուար 1851-ին Թերզորիօ (Իտալիա) եւ մահացած 12 Փետրուար 1922-ին Պուսանա (Իտալիա)։

Աստուծոյ Ծառայ Թէոֆանէի (աւազանի անունով՝ Մայքըլ Քութալլուր) հերոսական առաքինութիւններու, Քափուչիններուն Փոքրիկ Եղբայրներու Միաբանութեան քահանայ, ծնած 20 Յուլիս 1913-ին Քոթափուրամ (Հնդկաստան) եւ մահացած 4 Ապրիլ 1968-ին Փոննուրուննի (Հնդկաստան)։

Աստուծոյ Ծառայ Ֆաուսթօ Ճէյի հերոսական առաքինութիւններուն․ աշխարհական հաւատացեալ, «Խաչի Լուռ Մշակներ» միութեան անդամ, ծնած 24 Մարտ 1927-ին Պրեշիա (Իտալիա) եւ մահացած նոյն տեղը 28 Մարտ 1968-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2026, 12:18