Որոնել

Գերպ Էթթորէ Պալեսթրերօ Գերպ Էթթորէ Պալեսթրերօ  

Սուրբ Աթոռը ԱՀԿ-ին. «Մարդկային մարմինը առեւտուրի առարկայ չէ»

Ժընեւի մէջ Սուրբ Աթոռի դիտորդը շեշտեց, որ օրկաններու փոխպատուաստումը պէտք է հիմնուի կամաւոր նուիրատուութեան վրայ՝ մերժելով մարդկային մարմնի որեւէ տեսակի առեւտրայնացում կամ շահագործում։ Վատիկանը միաժամանակ դատապարտեց սաղմնային բջիջներու օգտագործումը՝ կոչ ուղղելով գիտական նորարարութիւնները առաջնորդել բարոյական սկզբունքներով եւ բացարձակ յարգանքով՝ մարդկային կեանքի հանդէպ՝ բեղմնաւորման իսկ պահէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ՝ Գերապայծառ Էթորէ Պալեսթրերօ, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի 158-րդ նիստին ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ մը։ Ան շեշտեց, որ բջիջներու, հիւսուածքներու եւ մարդկային օրկաններու փոխպատուաստման գործընթացին մէջ պէտք է միշտ երաշխաւորուի մարդկային արժանապատուութեան բացարձակ յարգանքը։

Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղեց մշտական հսկողութիւն սահմանել նուիրատուութիւններու վրայ՝ ապահովելու համար, որ անոնք ըլլան «կամաւոր եւ անվճար»։ Գերապայծառ Պալեսթրերօ ընդգծեց, որ մարդկային մարմինը երբեք չի կրնար վերածուիլ առեւտուրի առարկայի, եւ պէտք է կանխել մարդոց որեւէ տեսակի շահագործումը կամ անօրինական վաճառականութիւնը։ 

Յայտարարութեան մէջ Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր խստագոյն դատապարտումը վիժեցուած պտուղներէն ստացուած բջիջներու եւ հիւսուածքներու օգտագործման դէմ։ Փոխարէնը, Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ գիտական համայնքը իր նորարարութիւնները ուղղելու դէպի չափահասներու ցողունային բջիջներու օգտագործումը, որոնք ստացուած են բարոյական եւ օրինական միջոցներով։

Կենդանական օրկաններ եւ արհեստագիտութիւն

Անդրադառնալով կենդանական օրկաններու փոխպատուաստման Գերպ. Պալեսթրերօ նշեց երեք հիմնական պայման.

Ապահովութիւն. Գնահատել հիւանդի ինքնութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւնը։

Բարոյական աահմաններ. Մարդկային անհատականութեան համար պատասխանատու օրկաններու (ինչպէս՝ ուղեղի մասեր կամ վերարտադրողական օրկաններ) փոխպատուաստումը անընդունելի է։

Կենդանիներու բարեկեցութիւն. Խուսափիլ կենդանիներու անհարկի տառապանքէն։

Յարգանք՝ բեղմնաւորման պահէն. Ի վերջոյ, Սուրբ Աթոռը մերժեց նաեւ արհեստական բեղմնաւորման ընթացքին յառաջացած «յաւելեալ» սաղմերու օգտագործումը՝ շեշտելով, որ մարդը պէտք է յարգուի որպէս անձ՝ բեղմնաւորման իսկ պահէն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 14:53