2020.10.28 armi, missili, guerra, armamenti, disarmo

Սուրբ Աթոռը զինաթափումի մասին. խաղաղութիւնը ձեռք չի բերուիր միայն զսպումի միջոցաւ

Վատիկանի Բազմակողմանի բաժնի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի ենթաքարտուղար, Գերապ. Տանիել Փաքօ չորեքշաբթի 25 փետրուարին Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Զինաթափման Համաժողովի 2026 թուականի նիստին եւ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 61-րդ Սովորական Նիստի Բարձր Մակարդակի նիստին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Պէտք է յաղթահարել այն գաղափարը, թէ «խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն ուժի եւ զսպման միջոցաւ։ Իրականութեան մէջ զսպումը կը խրախուսէ զէնքերու տարածումը եւ կրնայ ձախողիլ՝ ունենալով մարդկութեան եւ ապագայ սերունդներուն համար հաւանական կործանարար հետեւանքներ»։ Սոյն կոչը հնչեց Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած Զինաթափման Համաժողովի 2026 թուականի նիստի ընթացքին Սուրբ Աթոռի Բազմակողմանի Բաժնի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի ենթաքարտուղար` Գերապայծառ Տանիել Փաքոյի կողմէ, 25 Փետրուարին ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը շեշտեց, թէ «որպէսզի մարդկութիւնը կարենայ յառաջանալ դէպի իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն», անհրաժեշտ է, որ Զինաթափման Համաժողովը «հասնի շօշափելի եւ տեւական զինաթափման համաձայնութիւններու՝ ի նպաստ բոլոր ժողովուրդներու ընդհանուր բարիքին», ընդգծելով արդիւնաւէտ վերահսկողութեան մեխանիզմներու կարեւորութիւնը, որպէսզի երաշխաւորուի զինատեսակներու վերահսկումը եւ ամրապնդուի պետութիւններու միջեւ վստահութիւնը։

Չտարածման Դաշնագրի վերանայման համաժողովին ընդառաջ, Սուրբ Աթոռը կը հրաւիրէ միջուկային զէնք ունեցող պետութիւնները՝ բարի կամքով բանակցելու իրենց զինանոցներու կրճատման եւ վերջնական վերացման շուրջ։

Ելոյթին մէջ Գերապայծառ Փաքոն դատապարտուեց տիեզերքի ռազմականացումը եւ պահանջեց անյապաղ կասեցնել մահաբեր ինքնավար զէնքի համակարգերու մշակումն ու գործածութիւնը՝ վերահաստատելով ուժի կիրարման մէջ մարդկային վերահսկողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

Մարդու իրաւունքներու ոլորտէն ներս, Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը մտահոգութիւն արտայայտեց միջազգային համակարգի վստահելիութեան ճգնաժամի առնչութեամբ, ուր հիմնարար սկզբունքները այլեւս չեն նկատուիր որպէս ընդհանուր եւ բաժնեկցուած լեզու։

Ան նաեւ ընդգծեց հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ վերադառնալու երկխօսութեան մը, որ հիմնուած ըլլայ մարդկային անձի անօտարելի արժանապատուութեան վրայ, իբրեւ միակ ուղի դէպի իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2026, 09:08