INDIA-RELIGION-ISLAM-RAMADAN

Ռամատանի տօնին առիթով խաղաղութեան և զօրակցութեան մաղթանք

Կարդինալ Քոովակատը կ՛ընդգծէ, որ կարելի է յոյսն ու խաղաղութիւնը գտնել միայն հաւատարիմ մնալով հաւատքի և Աստուծոյ արդարութեան ու ողորմութեան սկզբունքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իսլամներու Ռամատանի ամսուան եւ ծոմապահութեան աւարտի տօնի՝ Իտ ալ-Ֆըթրի առիթով, Միջ կրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութիւնը` Վերատեսուչ Կարդինալ Ժորժ Եաքոպ Քովաքարտի եւ Քարտուղար Գերապ. Indunil J.K. Kodithuwakkuի՝ ստորագրութեամբ հրատարակած է պատգամ մը` որուն մէջ շեշտուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր մօտիկութիւնը մահմետական հաւատացեալներուն` ընդգծելով ընդհանուր արժէքները, ինչպէս՝ աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմութեան գործերը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի, որ այս տարի Ռամատանի ժամանակահատուածը համընկնած է քրիստոնէական քառասնորդացի Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանին հետ, ստեղծելով յատուկ պահ մը` երկու կրօններու միջեւ հոգևոր փոխանակման։

Հաւատացեալները հրաւիրուած են խորհելու իրենց մարդկային թուլութիւններու և անձնական ու խմբային փորձութիւններու իմաստի մասին։

Կարդինալ Քոովակատը կ՛ընդգծէ, որ կարելի է  յոյսն ու խաղաղութիւնը գտնել միայն հաւատարիմ մնալով հաւատքի և Աստուծոյ արդարութեան ու ողորմութեան սկզբունքներուն։

Յղում կատարելով Պօղոս առաքեալի Ան կը հրաւիրէ «չարը յաղթահարել բարիով» և միասին կառուցել աւելի արդար և խաղաղ աշխարհ մը։

Պատգամը կ՛աւարտի իրական և գործնական խաղաղութեան բարեմաղթանքով, որ նկարագրուած է որպէս «սրտի, մտքի և կեանքի զինաթափում», ապա այն աղօթքով, որ Ռամատանի և Քառասնորդացի շրջանը կարողանայ ներքին փոփոխութիւն յառաջացնել իւրաքանչիւր հաւատացեալի մէջ, խթանելով հաշտեցում և համայնքներու միջև ներդաշնակութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2026, 12:40