Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օրը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ ուրբաթ օր` 27 Փետրուարին, Հայ ազգի մեծանուն սուրբ` Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ծիսական տօնն է։
Տօնին առիթով երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի Երգչախմբի Մատրան մէջ, նախատեսուած է հայածէս Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութիւնը կազմակերպուած է Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու համար Վատիկանի Վերատեսչութիւններու կողմէ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի Ներկայացուցչութեան հետ միասին, մասնակցութեամբ Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Վարժարանի եւ Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութեան։
Արարողութեան աւարտին Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Ֆիլմադարանին մէջ, առաջին անգամն ըլլալով պիտի ցուցադրուի «Նարեկացի» վաւերագրական ֆիլմը, որ նուիրուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, գործերուն և հոգևոր ժառանգութեան։
Ֆիլմը՝ հեղինակաւոր աստուածաբաններու և հայագիտական մասնագէտներու մասնակցութեամբ, կը ներկայացնէ Նարեկացի բանաստեղծութեան գեղեցկութիւնը և անոր աստուածաբանական մտքի խորութիւնը, ինչպէս նաև կ՛ ընդգծէ Անոր հաղորդագրութեան արդիականութիւնը՝ հաւատքի, զղջումի և մարդու ներքին ճանապարհի վերաբերեալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ