Կարդինալ Ռացինկեր Կարդինալ Ռացինկեր 

Ռացինկեր եւ Եկեղեցին, որ կը հիւրընկալէ՝ ազատ ձգելով

Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականով մը կը ներկայացնէ Ժոզէֆ Ռացինկերի տեսլականը, ուր Եկեղեցին կը բնորոշուի որպէս հարազատ «տուն» եւ անձնական յարաբերութեան տարածք՝ հեռու պաշտօնական ու պաղ կառոյց ըլլալէ։ Սուրբ Մոնիքայի օրինակով, ան կը շեշտէ, որ հաւատքի փոխանցումը կրնայ իրականանալ միայն դիմացինի ազատութիւնը յարգող, սիրող եւ համբերատար ընկերակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Խմբագրականի ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի յօդուածով մը անդրադարձաւ Ժոզէֆ Ռացինկերի քարոզին, ուր Սուրբ Օգոստինոսի մայրը՝ Սուրբ Մոնիքայի կերպարը կը դառնայ եկեղեցական համայնքի օրինակը՝ կենաքի, ընկերակցութեան եւ յարգալից ազատութեան վայր։

«Տառապելով՝ ան սորվեցաւ թոյլ տալ, որ որդին քալէ իր սեփական ճամբայով, առանց որեւէ պարտադրանքի։ Ան սորվեցաւ հանդուրժել, որ անոր ուղին բոլորովին տարբեր ըլլար իր պատկերացուցածէն»։ Այս բառերը կը պատկանին Միւնիխի նախկին արքեպիսկոպոս, կարդինալ Եոզեֆ Ռացինկերին (ապագայ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապ)՝ արտասանուած 1981 թուականին։ Այս քարոզը, որ այժմ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ իտալերէնով՝ «Ապագայի հաւատքը» հատորին մէջ, կը յայտնէ Ռացինկերի մտածողութեան մէկ այլ երեսը, որը հեռու է անոր վերագրուած «խիստ» պահպանողականի պիտակէն, նշած է
Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէնը հրապարակած խմբագրականին մէջ

Եկեղեցին որպէս «Անձ» եւ ոչ թէ «Գործարան»

Անտրէա Թորնիելլի կը նշէ, որ Կարդինալ Ռացինկեր Սրբուհի Մոնիքան կը ներկայացնէ, ոչ թէ պարզապէս որպէս պատմական դէմք, այլ որպէս եկեղեցւոյ Էութեան կենդանի մարմնացումը ու ըստ Ռացինկերին, Սուրբ Օգոստինոս իր մօր միջոցաւ է, որ փորձարկեց Եկեղեցին որպէս անձ։ Մոնիքան Օգոստինոսին տուաւ, ոչ թէ միայն ֆիզիքական կեանք, այլեւ՝ «սրտի տարած» ու ան կրցաւ աճիլ ու մարդ դառնալ։

Այսօրուայ աշխարհին մէջ, ուր եկեղեցին յաճախ կը դիտուի որպէս սառն։

Անտրէա Թորնիելլի կը գրէ, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ, ուր Եկեղեցին յաճախ կը դիտուի որպէս սառն ու անհոգի կառոյց կամ անհասկնալի վարչական մեքենայ, Ռացինկերի պատգամը կը հնչէ յատկապէս արդիական։ Եկեղեցին կրնայ գոյատեւել միայն եթէ անիկա դառնայ «վստահութեան եւ սիրոյ յարաբերական տարածք»։

Ազատութիւնը՝ որպէս Հաւատքի Նախապայման

Անտրէա Թորնիելիի խմբագրականի կարեւոր հատուածը կը վերաբերի ազատութեան։ Ան կը գրէ որ Մոնիքան յարգեց իր որդիին ազատութիւնը՝ նոյնիսկ երբ ան կը սխալէր կամ կը հետեւէր իր մարմնական կիրքերուն։ Ան չպարտադրեց հաւատքը, այլ սպասեց։ Ռացինկեր կը շեշտէ, որ այս «ազատ ձգելը» կենսական է։ Մոնիքան սորվեցաւ սիրել ու մնալ որդիին կողքին՝ առանց զայն կաշկանդելու։ Այս լուռ ներկայութեամբ եւ յարգալից սպասումով է, որ ան ի վերջոյ փոխանցեց հաւատքը։ Այս մօտեցումը հզօր դաս մըն է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ դաստիարակներուն համար»։

Դէպի «Դաշտային հիւանդանոց» մը

Անտրէա Թորնիլելլի իր յօրուածին մէջ  նկատել կու տայ որ Ռացինկերի այս տեսլականը զարմանալիօրէն կը կանխագուշակէ Ֆրանչիսկոս Պապի «դաշտային հիւանդանոցի» գաղափարը։ Եկեղեցին պէտք չէ ըլլայ «կատարեալներու» մեկուսացած խմբակ մը, որ կը դատապարտէ աշխարհը, այլ՝ տուն մը, ուր մարդիկ զիրար կ՝ընդունին ու կը բժշկեն։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Խմբագրականի ընդհանուր տնօրէն յօդուածը  կ՝աւարտէ նշելով.

«Այս բառերը լուսաւորիչ են ծնողներուն, դաստիարակներուն եւ ընդհանրապէս անոնց համար, որոնք Աւետարանը կը քարոզեն։ Եկեղեցի մը՝ որպէս «կեանքի, ազատութեան եւ յոյսի տարածք»։ Ապագայ Պապը կը մեկնաբանէր. «Կը հաւատամ, որ այսօր Եկեղեցւոյ հանդէպ այսքան կասկածամտութիւն եւ հակակրանք կայ... որովհետեւ շատ քիչ կը փորձառենք Եկեղեցին որպէս անձ, շատ քիչ՝ անձնապէս։ Անոր մասին կը լսենք միայն որպէս կառոյց, գրասենեակ եւ սարք։ Սակայն Եկեղեցին կրնայ գոյատեւել միայն, եւ մենք կրնանք արմատաւորուիլ անոր մէջ ու անիկա կրնայ դառնալ մեր հայրենիքը՝ միայն եթէ շարունակէ գոյութիւն ունենալ անհատներու միջոցով։ Այս տարածքը, բոլոր տարածքները՝ նոյնիսկ այն սրահները, ուր մեր ազատ ժամանակը կ’անցընենք եւ իրարու կը հանդիպինք, պէտք է ըլլան տարածքներ, որոնք կ’օգնեն մեզի դառնալու «անձնաւորուած Եկեղեցի» մէկս միւսին համար. տարածք մը, որ մեզի համար ըլլայ կենսական վայր, մայր, էակ մը, որ մեզի կը հայթայթէ վստահութեան վայր եւ ապրելու կարելիութիւն»։

Եկեղեցի մը՝ որպէս «դաշտային հիւանդանոց», որ քեզի կ’ընկերակցի, ուր սէրը կը դարմանէ ամենախոր վէրքերը եւ մարդ ինքզինք տան մէջ կը զգայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2026, 10:31