Սուրբ Յովհաննէս Հենրի Նիւմանը ընդգրկուեցաւ Հռոմէական օրացոյցին մէջ․ տօնը՝ հոկտեմբեր 9-ին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Յովհաննէս Հենրի Նիւմանը, որուն սրբադասումը կատարուած էր 2019-ին եւ 2025-ի նոյեմբեր 1-ին Լեւոն ԺԴ Պապին կողմէ հռչակուեցաւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ, ընդգրկուած է Հռոմէական Ընդհանուր Օրացոյցին մէջ։
Աստուածային Պաշտամունքի Վերատեսչութեան հրամանագիրով սահմանուած է անոր կամընտրական յիշատակի տօնը՝ հոկտեմբեր 9-ին, որ անոր կաթողիկէ հաւատքին դարձի օրն է՝ 1845 թուականին։
Նիւմանը, եղած է անկլիքան հովիւ մը, որ դարձաւ կաթողիկէ քահանայ եւ ապա կարդինալ։ Ան ճանչցուած է որպէս մեծ աստուածաբան, դաստիարակ եւ ճշմարտութեան որոնման վկայ։
Սրբազան Հայրը զայն հռչակած է նաեւ կրթական աշխարհի համապահապան սուրբ, Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի հետ միասին։ Սուրբ Պատարագի եւ Ժամերգութեան համար նախատեսուած պաշտամունքային տեքստերը պիտի ընդգրկուին Եկեղեցւոյ պաշտօնական գիրքերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ