Որոնել

Cappella Sistina, al via la manutenzione straordinaria del Giudizio Universale

Վերջին Դատաստան

Սկսած է Միքելանճելոյի «Վերջին Դատաստան» որմանկարի մաքրութեան եւ արտակարգ պահպանման աշխատանքներուն համար նախատեսուած սանդուղներու տեղադրման փուլը։ Աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երեք ամիսներ, որոնց ընթացքին Սիքստինեան մատուռը պիտի շարունակէ ընդունիլ հաւատացեալներն ու այցելուները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սիքստինեան մատրան մէջ սկսած է «Վերջին դատաստան» որմանկարներուն արտակարգ պահպանման համար նախատեսուած սանդուղներու տեղադրումը։ Այս մասին կը կարդանք Վատիկանի Թանգարաններու կողմէ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նախորդ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած էին 1994 թուականին։

1533 թուականին գործը Միքելանճելոյին պատուիրուած էր Քլեմենթէ Է. Պապին կողմէ, որ սկսուած եւ 1541 թուականին աւարտուած էր Պօղոս Գ. Պապին օրօք։ 

Նպատակն է վերականգնել որմանկարի սկզբնական գունային ու լուսային որակը

Միքելանճելոյի գլուխգործոցին մաքրութիւնը եւ վերականգնումը անհրաժեշտ դարձած է «ընդհանուր ճերմակի զարնող թաղանթի առկայութեան պատճառաւ», որն առաջացած է «օդային հոսանքներով փոխանցուած օտար նիւթերու մանր մասնիկներու կուտակումէն, որոնք ժամանակի ընթացքին թուլացուցած են լուսաստուերային հակադրութիւնները ու համահարթեցուցած որմանկարի բնօրինակ գոյները», կը բացատրէ Վատիկանի Թանգարաններու Վերականգնման Աշխատանոցի գլխաւոր վերականգնող Փաոլօ Վիոլինին։ Մասնագէտներուն խնդիրն է վերականգնել որմանկարի սկզբնական գունային ու լուսային որակը։

Աշխատանքներուն երեք ամիսներու ընթացքին Սիքստինեան մատուռը պիտի շարունակէ ընդունիլ հաւատացեալներն ու այցելուները։ Վերականգնողները պիտի աշխատին բարձր որակի պատկերով ծածկոցի ետին, որ կը վերարտադրէ նշանաւոր որմանկարը։

Շարունակական վերահսկողութիւն՝ համաձայն կանխարգելիչ պահպանման ծրագիրի

Վերականգնման Աշխատանոցի կողմէ մշակած կանխարգելիչ պահպանման ծրագիրի համաձայն՝ տարեկան անգամ մը գիշերային ժամերուն, շարժական հարթակներու օգնութեամբ, համակարգուած կերպով արդեն իսկ մաքրուած են կողային լուսնաձեւ պատկերներով պատերը։

Այժմ հերթը հասած է 180 քառակուսի մեթր մակերեսով եւ 391 կերպարներով խորանի ետեւի՝ «Վերջին Դատաստանը» պատկերող հանրաճանաչ պատին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2026, 09:00