Հիւանդութեան մէջ տառապողին մօտիկ ըլլալը Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն շօշափելի արտայայտութիւնն է․ Կարդինալ Չեռնի
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հիւանդութեան մէջ տառապողին մօտիկ ըլլալը կը բերէ սրտի դարձի, կը ստեղծէ համայնք եւ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն շօշափելի արտայայտութիւնն է։ Ասիկա է այն միտքը, զոր շեշտեց Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին, Հիւանդներու Համաշխարհային 34-րդ Օրուան առիթով, Փերույի Չիքլայօ Թեմին «Խաղաղութեան Տիրամայր» Սրբավայրին մէջ՝ 11 Փետրուարին նախագահած Սուրբ Պատարագի իր քարոզին մէջ։
Սիրել՝ գաղափար մը չէ
«Սամարացիի կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով ուրիշին ցաւը» խորագիրը կրող Լեւոն Պապի Օրուան պատգամը կարդալով՝ Ծիրանաւորը, նշեց, թէ այսպիսի սէրը «չի կրնար վերածուիլ պարզ գաղափարի մը, որ ծնի վերացական աստուածաբանական կամ հասարակագիտական խորհրդածութիւններ»։ Այս սիրոյ մասին կարելի է խօսիլ միայն սեփական փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ այն առիթներու կենդանի յիշողութեամբ, երբ ականատես եղած ենք այս սիրոյ «գործնական» դրսեւորման։
Սիրել՝ դարձ է
Սէրը դարձի ընթացք մըն է եւ կը նշանակէ «նայիլ Աստուծոյ աչքերով», «չբաւարարուիլ սառը կերպով չարագուշակ մարգարէութիւններ կամ ողբերգական ախտորոշումներ հռչակելով, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ուղին փոխելու», որպէսզի յոյսով կրկին խոնարհինք դէպի ուրիշը, հաստատեց Կարդինալ Չեռնին։
Ընկերային կապ ստեղծող այդ վերաբերմունքը, ըստ Անոր, համայնք կերտելու ուժ ունի։ Ան, առ այդ, անդրադարձաւ Լուրտի Աստուածամօր յիշատակին եւ նշեց, որ ֆրանսական այդ Սրբավայրը, «լեցուն է բազմաթիւ տղամարդոց եւ կիներու ցաւով ու փրկութեան յոյսերով», որոնք իրենց ծառայութիւններու բազմազանութեան մէջ, կապուած են իւրաքանչիւր հիւանդի կարիքներուն եւ միասին կրնան շատ աւելին տալ, քան առաջին հայեացքով կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւրէն առանձին-առանձին»։ Ոգեշնչողն ու ուսուցիչը Տիրամայրն է։
Անհատապաշտութենէն անդին
Ի վերջոյ Կարդինալը հրաւիրեց խնդրել պարգեւը ուրիշներուն հետ համագործակցելու կարողութեան՝ ի նպաստ բոլորին եւ յատկապէս ամենախոցելիներուն։Մեզմէ ամէն մէկը կարող է առաջարկել այն, ինչ կարող է՝ «յաղթահարելով կասկածամիտ կամ երբեմն գոռոզ անհատապաշտութեան գայթակղութիւնը», որ կը հեռացնէ մեզ մեր եղբայրներէն։ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եզրափակեց շեշտելով, որ «ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրը միշտ մեր սիրոյն շօշափելի արտայայտութիւնն է Աստուծոյ հանդէպ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ