Որոնել

2025.11.28 Viaggio Apostolico in Turkiye - Visita alla casa di accoglienza per anziani delle Piccole Sorelle dei Poveri

Լեւոն ԺԴ․ կը հրաւիրէ բոլորը՝ չմոռնալ տարեցները

Կեանքի, Ընտանիքի եւ Աշխարհականներու Վերատեսչութեան այսօր լոյս տեսած հաղորդագրութեամբ ներկայացուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ՝ Մամիկներու, Պապիկներու եւ Տարեցներու Վեցերորդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ ընտրուած նիւթը՝ խորագրուած Եսայի Մարգարէի՝ «Ես ալ երբեք քեզ պիտի չմոռնամ» խօսքերով։ 2021 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հաստատուած Մամիկներու, Պապիկներու եւ Տարեցներու Համաշխարհային Օրը այս տարի կը զուգադիպի Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի տօնին՝ Կիրակի, Յուլիս 26-ին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ես ալ երբեք քեզ պիտի չմոռնամ» Եսայի Մարգարէի այս խօսքերը (Ես․ 49,15) խորագիրն են Լեւոն ԺԴ. Պապի կողմէ՝ Մամիկներու, Պապիկներու եւ Տարեցներու Զ․ Համաշխարհային Օրուան առթիւ ընտրուած նիւթին, որով Նորին Սրբութիւնը կ՚ընդգծէ, թէ Աստուծոյ սէրը իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ անփոփոխ է եւ երբեք չի պակսիր, նոյնիսկ ծերութեան փխրունութեան եւ տկարութեան պայմաններուն մէջ։

Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ընտանիքներուն եւ համայնքներուն

Այս մասին կը տեղեկանանք Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան կողմէ այսօր՝ 10 Փետրուարին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութենէն, ուր կը նշուի նաեւ, որ այդ մէկը «միեւնոյն ժամանակ կոչ մըն է ընտանիքներուն եւ եկեղեցական համայնքներուն՝ չմոռնալու զանոնք, ճանչնալով անոնց մէջ արժէքաւոր ներկայութիւն մը եւ օրհնութիւն մը» եւ «կը հանդիսանայ առիթ մը՝ տարեցներուն փոխանցելու Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը եւ արժեւորելու անոնց ներդրումը ընտանիքներուն եւ համայնքներուն մէջ։

Տօնախմբել Օրը իւրաքանչիւր թեմի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուող Պատարագով

Կը յիշեցուի այնուհետեւ, որ «Մամիկներու եւ Պապիկներու եւ Տարեցներու Համաշխարհային Օրը՝ հիմնադրուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2021 թուականին, կը տօնուի իւրաքանչիւր Յուլիս ամսուան չորրորդ Կիրակի օրը», որ «այս տարի կը զուգադիպի Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի տօնին՝ Յուլիս 26-ին, եւ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ տօնախմբել այս Օրը ամէն մէկ թեմի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագով»։

Ի վերջոյ՝ «Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը կը քաջալերէ աշխարհի բոլոր տեղական Եկեղեցիները, ընկերային կառոյցները եւ եկեղեցական համայնքները՝ իրենց իրականութիւններուն մէջ արժեւորելու այս Օրը՝ յետագային այդ նպատակով տրամադրելով յատուկ հովուական գործիքներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2026, 12:10