Գերապայծառ Կալլակեր. Վերակառուցել վստահութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ պատերազմներով խաւարած աշխարհի մը մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Պրաթիսլավայի Սուրբ Մարթինոս մայր տաճարին մէջ մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, հնչեցուց խաղաղութեան եւ յոյսի զօրեղ կոչ մը։ Այս արարողութիւնը նուիրուած էր Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիայի Հանրապետութեան միջեւ կնքուած Հիմնական Համաձայնագիրի 25-ամեակին։
Իր քարոզին մէջ Արքեպիսկոպոսը նշեց, որ ներկայ աշխարհը կը գտնուի պատերազմներու, բեւեռացման եւ խոր բաժանումներու խառնաշբոթութեան մէջ, ուր յոյսը յաճախ կը թուի անհասանելի։ Սակայն, ըստ Արքեպիսկոպոսին, այդ յոյսը կարելի է վերակենդանացնել միայն իւրաքանչիւրի պատասխանատուութեամբ՝ վերակառուցելով վիրաւորուած վստահութիւնը եւ անդադար հետապնդելով երկխօսութիւնը, նոյնիսկ երբ անիկա դանդաղ ու յոգնեցուցիչ է։
Մեկնաբանելով Մատթէոսի Աւետարանի «Երանիները», Գերպ Կալլակեր շեշտեց, որ Քրիստոս մարդկութեան կը ներկայացնէ նոր տրամաբանութիւն մը։ Այն աշխարհի մէջ, ուր արժէքները կը չափուին յաջողութեամբ եւ տիրապետութեամբ, Աւետարանը կը հրաւիրէ որդեգրելու խոնարհութեան, ողորմութեան եւ խաղաղարարութեան ուղին։ «Երանիները ցնորք մը չեն, այլ պատմութեան մէջ Աստուծոյ գործելակերպը», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Սուրբ Աթոռ-Սլովաքիա յարաբերութիւններուն, դիւանագէտը զանոնք որակեց որպէս «կամուրջներ», որոնք կը ծառայեն մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան եւ հասարակաց բարիքին։ Ան յիշեցուց Սլովաքիայի հաւատքի տոկունութիւնը եւ Սուրբ Կիւրեղի ու Մեթոտիոսի օրինակը, որոնք առանց ուժի կամ արտօնութիւններու, այլ համբերատար աշխատանքով կերտեցին մշակոյթ եւ բացին սիրտերը։
Քարոզի աւարտին, Գերպ Կալլակեր յիշեց բոլոր տառապող ժողովուրդները, յատկապէս Ուքրանիան։ Ան աղօթեց, որպէսզի մարդիկ դառնան «խաղաղութեան արհեստաւորներ», կարողանալով պահել յոյսի կանթեղը վառ՝ նոյնիսկ ամենամութ պահերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ