Գերպ. Կալակեր. «Արդար եւ տեւական խաղաղութիւնը վերջ պէտք է դնէ Ուքրաինոյ ողբերգական պատերազմին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ռուս-ուքրանական պատերազմի չորրորդ տարելիցին առիթով, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակէր, կոչ մը ուղղեց ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի 1554-րդ նիստին ընթացքին։ Գերպ Կալակէր շեշտեց, որ իւրաքանչիւր պատերազմ կը հանդիսանայ «բարոյական եւ մարդկային ձախողութիւն»։
Դիւանագիտական անկեղծութեան հրաւէր
Արքեպիսկոպոսը յորդորեց բարձրաստիճան պաշտօնեաները առաջնահերթութիւն տալ «անմիջական մարդասիրական դադարներուն»՝ զուգահեռաբար շարունակելով մշտական դիւանագիտական աշխատանքը։ Ըստ անոր, երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ անկեղծութեան վրայ՝ նպատակ ունենալով հասնիլ ստուգելի եւ տեւական խաղաղութեան համաձայնագիրներու։
«Անհրաժեշտ է գործնական քայլեր առնել», շեշտեց Գերապայծառ Կալակէր՝ ընդգծելով, որ անոնք, որոնք ունին հանրային բարձրագոյն պատասխանատուութիւն, պէտք է «առաջնահերթութիւն տան անմիջական մարդասիրական դադարներուն՝ զուգահեռաբար շարունակելով հաստատուն դիւանագիտական յանձնառութիւնը, նպատակ ունենալով բարի կամքը վերածել ստուգելի եւ տեւական խաղաղութեան համաձայնագիրներու»։ Արքեպիսկոպոսը վերստին օգտագործեց «բանակցութիւններու մէջ անկեղծութիւն» եզրոյթը, որ պէտք է ներշնչէ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց «պարտաւորութիւններու հաւատարիմ կատարումը»։ Այս առումով, վերահաստատուեցաւ Սուրբ Աթոռի այն համոզումը, որ ԵԱՀԿ-ն կրնայ յատուկ դերակատարութիւն ունենալ, եւ յայտնուեցաւ պատրաստակամութիւն՝ «սատարելու որեւէ լուրջ դիւանագիտական նախաձեռնութեան, որ մարդկային էակը եւ տառապանքներու ամոքումը կը դնէ իր ջանքերուն կեդրոնը»։
Մարդասիրական իրաւունքի գերակայութիւնը
Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, փոխանցելով Պապին մտահոգութիւնները, ընդգծեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգման կարեւորութիւնը։ Ան յայտնեց, որ այդ իրաւունքներու կիրառումը չի կրնար կախեալ ըլլալ զինուորական կամ ռազմավարական շահերէ։
«Անհրաժեշտ է գործել հրատապութեամբ եւ կարեկցութեամբ՝ մարդկային տառապանքի թեթեւացումը դնելով բոլոր ջանքերու կեդրոնը»։
Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ սատարելու ցանկացած լուրջ դիւանագիտական նախաձեռնութեան, որ կը ձգտի ուղիներ հարթել դէպի արդար խաղաղութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ