Որոնել

2026.02.21 Mons. Paul Richard Gallagher a Tallin

Խաղաղութիւնը՝ սպառնալիքի տակ։ Լռութիւնը վտանգաւոր է, երբ վտանգուած է մարդկային արժանապատուութիւնը․ Գերապայծառ Կալլակեր

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը Էսթոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցաւ համայնավարական վարչակարգի նահատակ, «դիւանագիտութեան եւ սրբութեան» օրինակ՝ Երանելի Փրոֆիթլիխին նուիրուած Համաժողովին»։ Իր խօսքին մէջ անդրադառնալով այսօրեայ «մաս մաս 3րդ համաշխարհային պատերազմին», ի մասնաւորի՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին, որ կը սպառնայ Եւրոպայի խաղաղութեան, ան հրաւիրեց «վստահիլ Աստուծոյ», Անոր «սէրն է միակ ուժը, որ կարող է ատելութեան մոխիրներէն ազգերը վերաշինել»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը մասնակցեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, ծագումով գերմանացի, Էտուարտ Փրոֆիթլիխին նուիրուած Միջազգային Համաժողովին, որ կայացաւ 21-22 Փետրուարին Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալլինին մէջ, ուր Փրոֆիթլիխ՝ անցեալ տարուայ 6 Սեպտեմբերին Երանելի հռչակուեցաւ։

Երանելի Փրոֆիթլիխին վկայութիւնը

«Դիւանագիտութեան եւ սրբութեան» միաձուլում, որ օրինակ պէտք է ծառայէ, հակամարտութիւններով եւ սպառնալիքներով լեցուն դարաշրջանի մը մէջ։ Վատիկանի պաշտօնեան Համաժողովի ընթացքին իր ելոյթին մէջ այսպէս բնութագրեց Համայնավարական տարիներուն Էսթոնիոյ մէջ Առաքելական Կառավարիչ եւ խաղաղութեան ու ազատութեան նահատակ Փրոֆիթլիխը, որուն քաջութիւնը, ընդգծեց ան, երբեք, նոյնիսկ դաժան հարցաքննութեան եւ բանտարկութեան ընթացքին, չվերածուեցաւ ատելութեան. «Ան մնաց հաւատարիմ գերագոյն ճշմարտութեան. սէրն է միակ ուժը, որ կարող է յաղթել չարին»։

Ճշմարտութիւնը՝ մտածողութեան եւ գործելակերպի հոգին

Ըստ Գերապայծառ Կալլակերի՝ «սուրբերու առաքելութեան եւ բարձր դիւանագիտութեան մէջ ճշմարտութիւնը երկրորդական բան չէ, այլ մարդկային մտածողութեան եւ գործելակերպի հոգի»։ Լռութիւնը վտանգաւոր է, երբ վտանգուած է մարդկային արժանապատուութիւնը։

Եկեղեցւոյ դիւանագիտական առաքելութիւնը

Հովուական առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտականը, «պէտք է միշտ միտուած ըլլայ՝ կամրջելու հեռաւորութիւնները, որպէսզի չաճին բաժանումները, տեղ բանալ երկխօսութեան եւ հանդիպման համար։ (․․․) Իսկական խաղաղութիւնը պէտք է ծնունդ առնէ այս առաքինի գործէն, ուր չկան ո՛չ յաղթողներ եւ ո՛չ պարտուածներ», յարեց ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը։

Անհնարինը՝ կարելի

Ասկէ մեկնելով, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը նկատել տուաւ, որ Եւրոպայի խաղաղութիւնը խորապէս վիրաւորուած է Ուքրանիոյ պատերազմէն եւ «մաս մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմի» իրողութենէն։ Սակայն, շեշտեց ան, պէտք է վստահիլ Աստուծոյ, եւ, վառ պահելով քրիստոնէական յոյսը, ըլլալ «խաղաղութեան արհեստաւորներ», պատրաստ վկայելու, թէ՝ «Աստուծոյ սէրն է միակ ուժը, որ կարող է ատելութեան մոխիրներէն ազգերը վերաշինել» եւ անհնարինն անգամ կարող է դառնալ կարելի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2026, 08:00