Որոնել

2026.02.28 Festa liturgica di San Gregorio di Narek - Basilica Vaticana

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին կը վստահինք կեանքի իմաստը փնտռողներու սուր ու տանջալի հարցերը

Վատիկանեան Սուրբ Պետրոս տաճարի «Երգչախումբի Մատրան»ին մէջ, փետրուար 27-ի երեկոյեան, հայկական ծիսակարգով կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնին առիթով։ Արարողութեան ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին ընդգծեց Նարեկացիի հոգեւոր եւ աստուածաբանական մեծութիւնը՝ շեշտելով, որ ան հոգւոյ խորքերէն հնչող աղաղակն ու փրկութեան յոյսը կը միացնէ իր աղօթքներուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին կը վստահինք կեանքի իմաստը փնտռողներու սուր ու տանջալի հարցերը… անոր կ՛ աղօթենք յուսահատներուն եւ մանաւանդ անտարբերութեան մէջ գտնուողներուն համար, յոգնած ու ընկճուածներուն համար… թող ան անոնց եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, այս ժամանակի զաւակներուս, նուիրէ գոնէ արշալոյսի այն լոյսին շողը, որ յաճախ կը կենդանացնէ իր ծիսական երգերը։ Այսօր նաեւ կ՛ աղօթենք անոր ժողովուրդին համար՝ նահատակութեան ձայն, բայց միաժամանակ հովուերգերու երգիչ… Տէ՛ր, փրկէ այս ժողովուրդը, որ գիտցած է սիրել եւ խնջոյք կատարել, գիտցած է տառապիլ եւ մեռնիլ՝ յոյսով այն հովուերգական տեսիլքին, որ հաւատքի վստահութիւնն է»։

Խօսքերն են ասոնք Արևելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի, զոր արտասանեց ուրբաթ՝ 27 փետրուար երեկոյեան ներկայացուցած քարոզին ընթացքին, Վատիկանեան Սուրբ Պետրոս տաճարի «Երգչախումբի Մատրան» մէջ, հայկական ծիսակարգով կատարուած Երեկոյեան Ժամերգութեան առիթով, մեծ հայ սուրբին եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ 36-րդ Վարդապետ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնին առիթով։ 

Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման եւ Արևելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւններու կողմէ, Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցչութեան հետ միասին։

Ներկայ էին նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան երկու դեսպանները, ինչպէս նաեւ Վատիկանեան վերոնշեալ Վերատեսչութիւններու եւ Հայ Եկեղեցւոյ՝ , Կաթողիկէ եւ Առաքելական, ներկայացուցիչներ, հայկական համայնքի անդամներ եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու պատուիրակներ։

Արարողութիւնը նախագահեցին Գերշն. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Արևելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Կուճերոթթին։ Ընթերցուեցան աղօթքներ եւ սաղմոսներ, նաեւ Նարեկացիէն, եւ բարձրացան, ըստ հայկական աւանդութեան, հոգեւոր շարականներ, որոնք կատարուեցան Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու, Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութեան անդամներու եւ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան քահանաներուն կողմէ։

Յիշելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը՝ Կարդինալ Կուճերոթթին ի միջի այլոց բացատրեց թէ «անսահման են այն պատճառները, որոնց համար Կաթողիկէ Եկեղեցին ուզեց զայն Վարդապետ հռչակել», աւելցնելով թէ այդ պատճառներէն մին «ծայրայեղութիւններու համադրումն է, հոգւոյ եւ երկրի խորքերէն հնչող ճիչը, կենդանիին եւ հրեշտակին»։

«Կ՛ ըսուի թէ արեւելցիները կը սիրեն «պարատոքսը», եւ իրենց աղօթքին մէջ կայ դժոխքի կրակը, որ կը կանչէ ցօղը, ինչպէս հարուստին անօգուտ ճիչը՝ Աբրահամի գիրկին մէջ Ղազարոսին։ Դժոխքի տեսիլքէն անոնք կը կանչեն յաւիտենական փրկութիւնը եւ անդադար երախտագիտութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ՝ բացարձակ շնորհքով պարգեւուած փրկութեան համար» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը հաստատելով որ «այս իմաստով Գրիգոր Նարեկացին առաւելագոյն աստիճանին կը հասցնէ այս երեւութապէս անհաշտ հակադրութիւնը եւ այսպէս ան կը դառնայ Արեւելեան Քրիստոնէութեան զգացումին համադրութիւնը»։

Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ «Նարեկացի» վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Վատիկանի «Ֆիլմոթէքա»էն ներս։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, ստեղծագործութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած Ռուզաննա Ղազարեանին եւ Լիլիթ Մխիթարեանին այս գեղեցիկ աշխատանքի ցուցադրութեան բացումը կատարեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան քարտուղար` Գերապ. Ֆլավիօ Փաչէ մինչ ցուցադրութեան աւարտին ելոյթ ունեցան Փրոֆ. Մարքօ Պայսը` Արեւելեան Քահանայապետական Կաճարի դասատու, Թուրիքոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս` Գերապ. Լեւոն Զեքիեանն ու Կարդինալ Քլաուտիօ Կիւկերոթթին։ Վերջիններս նաեւ վաւերագրականին մասնակիցներն էին, այլ հեղինակաւոր գիտնականներու հետ միասին, որոնք ուսումնասիրեցին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բանաստեղծութեան հարստութիւնը եւ աստուածաբանական մտքի խորութիւնը՝ շեշտելով անոր համամարդկային պատգամին արդիականութիւնը՝ հաւատքի, ապաշխարութեան եւ մարդու ներքին ճանապարհին մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 10:41