Այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ծիսական տօնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
27 Փետրուարին ըստ Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի։ Սոյն տօնը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ՝ 2021-ի Փետրուարի 2-ին, «Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման» Վատիկանեան ժողովին հրատարակած հրամանագիրով, որով կը հաստատուի, թէ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ» Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութիւնը կը ներմուծուի Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ:
Սակայն նախ քան վերոնշեալ որոշումը հարկ է նշել եւ յիշեցնել որ` 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչման հարիւրամեակին առիթով, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ հայազգի երեք կաթողիկոսներու մասնակցութեամբ մատուցուած պատմական պատարագին ընթացքին, միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդառաջելով Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի խնդրանքին, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտօնականօրէն հռչակած էր Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ: Ապա` 2018-ի Ապրիլի 5-ին, Վատիկանի Այգիներուն մէջ, միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով եւ ներկայութեամբ, զետեղուեցաւ Հայոց եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ յիշատակելի Սուրբին, հայու ձեռքով քանդակուած արձանը – նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ – մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, հայազգի երեք Կաթողիկոսներուն եւ այլ պաշտօնական հայ թէ օտար անձնաւորութիւններուն:
Նշենք որ «Doctor Ecclesiae» տիտղոսը շնորհելու համար Կաթողիկէ եկեղեցին կը պահանջէ երեք հիմնական նախադրեալ.- «eminens doctrina»` գերազանց ուսմունք, «insignis vitae sanctitas» արտասովոր սրբակեցութիւն եւ «Ecclesiae declaratio» հռչակում Եկեղեցւոյ կողմէ: Արդարեւ «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»՝ (Doctor Ecclesiae) տիտղոսը կը շնորհուի այն սուրբերուն, որոնք աստուածաբանութեան, հոգեւոր կեանքի եւ բարոյական սկզբունքներու յատուկ նպաստ մը տուած են քրիստոնէական իրականութեան մէջ։ Այս տիտղոսին արժանանալու համար նկատի կ՚առնուին տուեալ անհատի սրբակեաց կենցաղը, անոր ուղղափառութիւնը եւ հեղինակութիւնը հրամանակարգ եւ բարոյական աստուածաբանութեան մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին հայող Վատիկանեան հրամանագիրը կը յորջորջէ հայազգի սուրբը՝ որպէս Մարիամ Աստուածածինի ջատագով եւ սիրահար կրօնաւոր: Ապա կ՛աւելցնէ, թէ ան հաւանաբար ծնած է շուրջ 950 թուականին եւ ապրած Նարեկի գիւղին մէջ, որ այժմ թրքական գերիշխանութեան տակ է: Ան, բացառիկ աստուածաբան, բանաստեղծ եւ կրօնական գրագէտ-հեղինակ եղած է: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պարունակեն «Երգ Երգոց»-ի մեկնաբանութիւնը, բազմաթիւ ներբողներ եւ բանաստեղծական 95 աղօթքներու հաւաքածոյ մը «Նարեկ» կոչուած, այն մենաստանին անունով, ուր անցուցած էր իր ամբողջ կեանքը:
Այս տօնական օրուան առիթով Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ նախատեսուած է Միասնական Աղօթք` որուն ընթացքին պիտի հնչեն հայկական շարականներ եւ աղօթքներ մինչ յաւուր պատշաճի քարոզի պիտի արտասանէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քալուտտիօ Կուճերոթթին։
Նարեկի աղօթքներէն քաղուածք
Տէ՛ր, իջեցո՛ւր Սուրբ Հոգւոյդ շնորհները իմ վրաս, որ միայնակ եմ պատերազմի մէջ՝ առանց օգնականի:
Սրբէ՛, Տէ՛ր, հոգւոյս տաճարը եւ հետս եղիր երեկոները:
Բա՛ց իմ հոգւոյս աչքերը եւ լուսաւորէ՛ միտքս ու խորհուրդներս:
Զօրութի՛ւն տուր ինծի, Տէր իմ Յիսուս, եւ ընդունէ՛ օրհնաբանութիւնս:
Արթնցո՛ւր զիս գիշերուայ խոր քունէն՝ գոհանալու եւ օրհնելու Քեզ, որ մեղքերս քաւեմ:
Սուգ եւ արտասուք շնորհէ ինծի՝ լալու, սգալու եւ անդադար աղօթելու Քու առջեւդ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ