UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Ուքրանիայի չորս տարուայ աւերածութիւններ. Դադարեցնենք պատերազմի կառավարումը

Ռուսաստանի ներխուժումէն չորս տարի անց, Ուքրանիոյ մէջ կեանքը կը շարունակէ անցնիլ աւերածութեան, վախի եւ դիմադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Միջնորդութեան փորձերը տակաւին անարդիւնք կը մնան, մինչ Եւրոպան ի յայտ կը բերէ իր խոցելիութիւնները։ Այս տարեդարձը կը կոչէ միջազգային համայնքը՝ վերադառնալու խաղաղութեան կերտման ճանապարհին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Չորս տարի անց՝ 2022 թուականի փետրուարի 24-ին սկսած ռուսական ներխուժումէն ի վեր, Ուքրանիան կը շարունակէ ապրիլ աւերակներու, սուգի եւ դիմադրութեան մէջ։ Քանդուած քաղաքներ, բաժնուած ընտանիքներ եւ միլիոնաւոր գաղթականներ կը պատմեն պատերազմ մը, որ, հակառակ միջնորդութեան փորձերուն, տակաւին ելք չէ գտած». Այս է այն ինչ` որ կը գրէ Ռատիօ Վատիկանի – Վատիկան Նիուզի  խմբագրական տնօրէն Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին այսօր` 24 Փետրուարին հրապարակած խմբագրականի մը մէջ։

Պատերազմը, որ արդէն դարձած է համաշխարհային լրատուութեան առօրեայի մէկ մասը, բացայայտեց նաեւ Եւրոպայի քաղաքական ու արժեհամակարգային տկարութիւնները՝ հեռու մնալով իր հիմնադիր հայրերու՝ Robert Schuman, Alcide De Gasperi եւ Konrad Adenauer միութեան իտէալէն, նկատել տուաւ Մենիքեթթին ակնարկելով Լեւոն ԺԴ. Պապին անցեալ կիրակի օր կատարած զօրեղ` կոչին անհապաղ հրադադար հաստատելու եւ «զինաթափ ու զինաթափող խաղաղութիւն» մը կառուցելու համար։

Չորրորդ տարելիցը այսպէս կը դառնայ զգուշացում միջազգային համայնքին՝ չբաւարարուելու պատերազմը «կառավարելով», այլ յանձն առնել խաղաղութեան կառուցումը։

Որովհետեւ պատերազմին թողած վէրքերը պիտի դրոշմեն ամբողջ սերունդ մը եւ տասնամեակներ պիտի պահանջեն սպիանալու համար, նշած է ի միջի այլոց Ռատիօ Վատիկանի – Վատիկան Նիուզի  խմբագրական տնօրէն Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին իր խմբագրականին մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 08:29