Որոնել

Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէ եւ Հայր Տաւիտ Փալիարանի Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէ եւ Հայր Տաւիտ Փալիարանի 

Սուրբ Աթոռը, Սուրբ Պիոս Ժ Եղբայրութեան կ՝առաջարկէ սկսիլ աստուածաբանական երկխօսութիւն մը

Վատիկանը եւ Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական Եղբայրութիւնը համաձայնած են սկսիլ աստուածաբանական երկխօսութեան նոր փուլ մը՝ յստակեցնելու համար հաւատոյ դաւանանքի եւ Վատիկանեան Բ. Ժողովի մեկնաբանութեան շուրջ եղած տարակարծութիւնները: Այս գործընթացին յաջողութիւնը կախեալ է եղբայրութեան կողմէ նոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու առկախումէն, նպատակ ունենալով վերջնականապէս կարգաւորել անոնց կանոնական կարգավիճակը Եկեղեցիէն ներսը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար, 2026-ին, Վատիկանի Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր եւ «սրտակից» հանդիպում մը, որ կրնայ նոր էջ մը բանալ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական Եղբայրութեան յարաբերութիւններուն մէջ։

Սուրբ Աթոռի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսը հիւրընկալած է Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւոր՝ Հայր Տաւիթ Փալիարանը։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Լեւոն ԺԴ. Պապին օրհնութեամբ եւ հաւանութեամբ։

Աստուածաբանական երկխօսութեան նոր ուղի

Հանդիպման առանցքը եղած է Եղբայրութեան կողմէ անցեալին՝ (2017-2019 թուականներուն) բարձրացուած մտահոգութիւնները, յատկապէս՝ կրօնական բազմազանութեան վերաբերեալ աստուածային կամքի հարցը։ Կարդինալ Ֆերնանտեսը առաջարկած է յստակ մեթոտաբանութեամբ օժտուած երկխօսութեան շրջանակ մը, որ պիտի քննարկէ հետեւեալ նուրբ հարցերը.

Հաւատոյ արարքի եւ մտքի ու կամքի «կրօնական հնազանդութեան» միջեւ տարբերութիւնը։

Վատիկանեան Բ. Ժողովի փաստաթուղթերուն ընծայուելիք յարգանքի եւ վաւերականութեան աստիճանները։

Եղբայրութեան կանոնական կարգավիճակի յստակեցումը՝ հիմնուելով եկեղեցական լիակատար հաղորդութեան համար անհրաժեշտ «նուազագոյն պահանջներուն» վրայ։

Զգուշացում՝ նոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու դէմ

Սակայն, Վատիկանը դրած է յստակ նախապայման մը։ Հաղորդագրութիւնը վերահաստատած է, որ առանց Քահանայապետական արտօնութեան որեւէ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն պիտի նկատուի «հերձուած» (schism) եւ պիտի ունենայ ծանր հետեւանքներ։

«Այս երկխօսութիւնը կ՝ենթադրէ, որ Եղբայրութիւնը առկախէ իր յայտարարած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու որոշումը»։

Յառաջիկայ քայլերը

Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական Եղբայրութեան ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Փալիարանը այս առաջարկը պիտի ներկայացնէ իր Եղբայրութեան խորհուրդին։ Դրական պատասխանի պարագային, երկու կողմերը պիտի մշակեն յաջորդական փուլերն ու ընթացակարգերը։

Վատիկանը կոչ ուղղած է համայն եկեղեցւոյ՝ աղօթքով ընկերակցելու այս գործընթացին, հայցելով Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը՝ ի խնդիր Քրիստոսի խնդրած միութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2026, 13:00