Վատիկանի մէջ կը հիմնուի Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնական Օրէնսգիրքի Յանձնախումբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վատիկանի մէջ հիմնուեցաւ «Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնական Օրէնսգիրքի» նոր Յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնն է վերանայիլ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնական Օրէնսգիրքը Codice dei Canoni delle Chiese Orientali-ը (CCEO)՝ համաձայն Սիւնոդոսական ընթացքէն ծագած առաջարկներուն։ Այս մասին յայտնեց Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը։
Յանձնախումբը առաջին անգամ համախմբուեցաւ Փետրուար 20-ին։ Ան կը գործէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2024-ին հաստատուած Սինոտի Ընդհանուր Ժողովի ծիրին մէջ եւ կը նպատակադրէ գործադրել 2023-ի Ամփոփիչ Զեկոյցին եւ 2024-ի Վերջնական Փաստաթուղթին մէջ նշուած ցուցմունքները։
Յանձնախումբը կը նախագահէ Սինոտի Ընդհանուր Քարտուղարը՝ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը։ Ան ընդգծեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը կը բխի տարբեր ինքնավար (sui iuris) Արեւելեան Եկեղեցիներու առաջնորդներու խնդրանքէն եւ կը միտի յարգել արեւելեան կանոնական իրաւունքի առանձնայատկութիւնները։
Քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց եկեղեցիներուն, համալսարաններուն եւ մասնագէտներուն՝ իրենց առաջարկները ներկայացնելու մինչեւ 15 Ապրիլ 2026։
Յանձնախումբին աշխատանքը կը համակարգէ Գերապ. Խուան Իգնասիօ Արիեթա, որ կը գործակցի նաեւ Վատիկանի համապատասխան Վերատեսչութեան հետ՝ ապահովելու համար միջ-վերատեսչային համագործակցութիւն եւ աւելի արդիւնաւէտ ծառայութիւն տեղական Եկեղեցիներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ