Որոնել

Պօղոսեան մատուռ Պօղոսեան մատուռ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

«Լուսաւորուած՝ ծածուկ փառքէ մը» 2026- ի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը Վատիկանի մէջ`

Այս տարուայ Քառասնորդաց շրջանի Հոգեւոր կրթութիւնները կը սկսին` Կիրակի 22 Փետրուարին եւ կ՛ աւարտին` ուրբաթ 27 Փետրուարին Վատիկանի Պօղոսեան մատրան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Քահանայապետական Տան կառավարութիւն հրապարակած է այս տարուայ Քառասնորդաց շրջանի Հոգեւոր կրթութիւններու ծրագիրը, որոնք պիտի սկսին` Կիրակի 22 Փետրուարին եւ պիտի աւարտին` ուրբաթ 27 Փետրուարին Վատիկանի Պօղոսեան մատրան մէջ։

2026-ի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան համար ընտրուած կեդրոնական նիւթն է. «Լուսաւորուած՝ ծածուկ փառքէ մը. Քառասնորդական ուղեգիծ մը»։

Խորհրդածութիւնները պիտի գլխաւորէ` Թրափիսթ միաբանութեան անդամ Գերապայծառ Տ. Էրիք Վարտէնը։ Հոգեւոր Կրթութեան հրաւիրուած են մասնակցելու Հռոմի մէջ բնակող Կարդինալները եւ Վերատեսչութիւններու պատասխանատուները։

Կրթութեան նիստերը պիտի սկսին ինչպէս նշեցինք կիրակի, փետրուար 22-ին, ժամը 17.00-ին ժամասացութեան աղօթքով որոնց պիտի յաջորդէ ներածական մտածականը՝ «Մուտք գործել Քառասնորդաց»։

Յաջորդ օրերու ընթացքին Կրթութեան նիստերը կը սկսին ժամը 9.00-ին Միջին Ժամով (Ora Media) որուն կը յաջորդէ առաջին մտածականը, ապա կէսօրէն ետքը տեղի կ՛ունենայ երկրորդ մտածականը, որուն կը հետեւի Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն ապա ժամասացութիւն։

Մտածականները պիտի շօշափեն քառասնորդական շրջանի հետ կապուած եւ հոգեւոր կեանքի հիմնական նիւթեր՝ ներքին ազատութիւն, ճշմարտութիւն, յոյս եւ Աստուծոյ ներգործութիւնը հաւատացեալի անձնական պատմութեան մէջ։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի տուրի ապա Սուրբ Պեռնառտ Քիարավալլացիի կերպարին։

Հոգեւոր կրթութիւնը կ՜աւարտի Ուրբաթ, 27 փետրուարին «Յոյս հաղորդել» խորագրուած մտածականով։ Նոյնը օրը կը յիշատակուի նաեւ` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնը։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 14:00