Որոնել

ITALY-RELIGION-ST FRANCIS-ASSISI

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ոչ թէ տիրապետող այլ ծառայող ազատութեան խորհրդանիշ է. Կարդինալ Արթիմէ

Կիրակի 22 Փետրուարէն մինչև յառաջիկայ մարտ ամսուայ 22-ն, Ասսիզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ստորին եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անգամ ըլլալով ուխտաւորները կարելիութիւնը կ՛ունենան աղօթելու սուրբի աճիւններուն առջեւ որոնք ի ցոյց դրուած են այնտեղ այս տարի յիշատակուող Սուրբի մահուան 800-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 22 Փետրուարին, Ասիզիի Վերին Պազիլիքայի մէջ, կարդինալ Անկել Ֆեռնանտես Արթիմէն մատուցեց Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի աճիւններու ցուցադրութեան առիթով, Սուրբին մահուան 800 ամեակի յոբելենական արարողութիւններու ծիրէն ներս։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը յորդորեց հաւատացեալները սուրբին մէջ տեսնել ճշմարիտ ազատութեան արդիական օրինակը`․ ոչ այն ազատութիւնը, որ կը տիրէ կամ կը տիրապետէ, այլ ան, որ կը վստահի Աստուծոյ և կը ծառայէ։

Անդրադառնալով Ադամի և Քրիստոսի աստուածաշնչական կերպարներուն՝ Ծիրանաւորը հակադրեց ինքնաբանութեան և իշխանութեան տրամաբանութիւնը վստահութեամբ լի հնազանդութեան տրամաբանութեան։

Ֆրանչիսկոսը, թէև կարող էր ընտրել ապահով և հարուստ կեանք, լսեց «միւս ձայնը» և ընդունեց խոնարհութիւնը, աղքատութիւնը և հնազանդութիւնը՝ մերժելով յաջողութեան, գերիշխանութեան և ինքնաբանութեան գայթակղութիւնները։

«Սուրբի մասունքներու մեծարումը պէտք չէ ըլլայ անցեալի նկատմամբ կարօտով լի հայեացք, այլ շօշափելի կոչ մը՝ դիմագրաւելու ներկայի մարտահրաւէրները» նշեց ի միջի ալոց Ծիրանաւորը ակնարկելով թէ նման Յիսուսին անապատին մէջ եւ նման Ֆրանչիսկոսին իր դարձի ընթացքին, հաւատացեալներն ալ կոչուած են իրենք իրենց հարց տալու, ո՞րն է իմ «անապատը», ի՞նչ գայթակղութիւններ կը բնակին իմ սրտիս մէջ, որոնցմէ մեկնելով դիմել ապաշխարութեան ընթացքի մը։

Կարդինալ Անկել Ֆեռնանտես Արթիմէն յիշեցուց ապա, որ սրբութիւնը միայն քիչերու համար չէ, այլ կը ծնի Աստուծմէ, փրկութիւն ընդունելու պատրաստակամութիւնէն, արդարեւ այնտեղ ուր մեղքը կը շատնայ,  շնորհքը առաւել ևս կ՛առատանայ, յարեց ի միջի այլոց Ան։

Նշենք` որ Կիրակի 22 Փետրուարէն մինչև յառաջիկայ մարտ ամսուայ 22-ն, Ասսիզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ստորին եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անգամ ըլլալով ուխտաւորները կարելիութիւնը կ՛ունենան աղօթելու սուրբի աճիւններուն, առջեւ որոնք ի ցոյց դրուած են այնտեղ այս տարի յիշատակուող Սուրբի մահուան 800-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2026, 08:32