Կարդինալ Զենարին 80 տարեկանին աւարտեց Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը
«Սուրիան Սուրիացի ժողովուրդը եւ հաւատացեալները կը կորսնցնեն իրենց մեծագոյն բարեկամներէն մին» Պատրիարք Ապսի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կարդինալ Մարիօ Զենարի, որ 2008 թուականէն ի վեր Սուրիոյ մէջ առաքելական Նուիրակ էր, 2026 թուականի փետրուար 2-ին ներկայացուց իր հրաժարականը լրացուցած ըլլալով 80 տարեկանը։ Ան արդէն 2021-ին, տարիքային սահմանափակումներուն պատճառաւ, ներկայացուցած էր իր հրաժարականը, սակայն Ֆրանչիսկոս Պապը մերժած էր զայն՝ խնդրելով, որ շարունակէ իր ծառայութիւնը իբրեւ շարունակականութեան եւ սուրիական ժողովուրդին մօտիկութեան նշան։
Մօտաւորապէս 17 տարի Դամասկոսի մէջ, Զենարին շատ աւելի եղած է քան պարզ դիւանագէտ մը․ ան դարձած է մարդկային եւ հոգեւոր հենակէտ այն ժողովուրդին համար, որ տառապած է պատերազմէն, ահաբեկչութենէն, աղքատութենէն, միջազգային պատժամիջոցներէն եւ 2023 թուականի երկրաշարժէն։
Ան իրականացուցած է աշխոյժ դիւանագիտական, մարդասիրական եւ միջնորդական գործունէութիւն, հանգիստ բայց հաստատ ձայնով բարձրաձայնելով «մարդասիրական աղէտը» եւ միջազգային հանրութեան մոռացութիւնը Սուրիոյ հանդէպ։
2016 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը զինք ստեղծեց կարդինալ, աննախադէպ քայլ մը՝ պաշտօնի մէջ գտնուող Նուիրակի մը համար, որ մեկնաբանուեցաւ իբրեւ սիրոյ եւ աջակցութեան ժեստ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ։
Զենարին միշտ իր ներկայութիւնը նկատած է իբրեւ իսկական առաքելութիւն, մերժելով երկիրը ձգելու գաղափարը նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն։
Իր հրաժարականով կ՛աւարտի «դաշտային նուիրակի» երկարատեւ ծառայութիւնը՝ երկրի մը մէջ ուր տեղի ունեցաւ մեր ժամանակներու ամենաողբերգական հակամարտութիւններէն մին եւ որուն ականատես վկան եղաւ Կարդինալ Զենարին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ