«Պամպինօ Ճեզու-Մանուկ Յիսուս» Հիւանդանոցը՝ Եւրոպայի լաւագոյնը եւ աշխարհի 6-րդը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ամերիկեան հեղինակաւոր «Newsweek» պարբերաթերթի եւ «Statista» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած 2026-ի Աշխարհի Լաւագոյն Հիւանդանոցներու (World's Best Hospitals) ցանկին մէջ, Սուրբ Աթոռին պատկանող «Պամպինօ Ճեզու- Մանուկ Յիսուս» մանկական հիւանդանոցը արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն։
Այս տարուան տուեալներով՝ հիւանդանոցը դասուած է որպէս Եւրոպայի թիւ 1 մանկական բուժկեդրոնը, իսկ համաշխարհային մակարդակով գրաւած է 6-րդ պատուաւոր դիրքը։ Այս ցուցանիշով ան կը հանդիսանայ իտալական առողջապահական համակարգի միակ մանկական հաստատութիւնը, որ տեղ գտած է աշխարհի լաւագոյն 30-նեակին մէջ։
Գիտական բարձր մակարդակ եւ մարդկային խնամք
Հիւանդանոցի նախագահ Թիցիանօ Օնեսթի, մեկնաբանելով այս նուաճումը, շեշտած է, որ ասիկա ամէնօրեայ հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է։
«Այս ճանաչումը ծնունդ առած է մեր բժիշկներու, բուժքոյրերու, հետազօտողներու եւ կամաւորներու լուռ ու անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ, որոնք բարձրագոյն մասնագիտական խնամքը կը միացնեն մարդկային ջերմութեան հետ», նշած է ան։
Թիւերու Լեզուով
«Պամպինօ Ճեզու»ն այսօր կը համարուի Եւրոպայի առաջատար կեդրոնը հազուագիւտ հիւանդութիւններու բուժման ոլորտին մէջ։ Հաստատութիւնը տարեկան կը կատարէ.
Շուրջ 3 միլիոն արտահիւանդանոցային ծառայութիւն,
100,000 դիմում շտապ օգնութեան բաժանմունք,
Աւելի քան 33,000 վիրահատական միջամտութիւն։
Վարկանիշը հիմնուած է աշխարհի 32 երկիրներու 2,500 հիւանդանոցներու տուեալներու, առողջապահական մասնագէտներու կարծիքներու եւ բուժման որակի անկախ ցուցանիշներու վրայ։ Օնեսթիի խօսքով՝ այս յաջողութիւնը ոչ թէ վերջնակէտ է, այլ նոր խթան՝ շարունակելու ծառայութիւնը փոքրիկ հիւանդներուն՝ ի նպաստ մարդկային կեանքի փրկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ