Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին 

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Յոբելենական տարի. Սուրբին մահուան 800 ամեակին առիթով

Լեւոն ԺԴ Պապը, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի մահուան 800-ամեակին առթիւ, 2026 տարին հռչակեց յատուկ Յոբելենական տարի՝ հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Սուրբի խոնարհութեան ու խաղաղութեան օրինակին: Այս շրջանին, Առաքելական վերին Ատեանի հրամանագիրով, լիակատար ներում պիտի շնորհուի բոլոր անոնց, որոնք սովորական պայմաններով կամ ուխտագնացութեամբ պիտի մասնակցին այս հոգեւոր հանդիսութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի նուիրուած յատուկ տարի մը, որ պիտի տեւէ 2026-ի յունուար 10-էն մինչեւ 2027-ի յունուար 10-ը, որուն ընթացքին «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ, Ասիզացի Սուրբին օրինակով, ինքնին դառնայ կեանքի սրբութեան տիպար եւ խաղաղութեան մշտական վկայ», հռչակեց Լեւոն ԺԴ Պապը, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին մահուան 800 ամեակի առթիւ։

Այս մասին Առաքելական վերին ատեանի, այսօր 16 յունուարին հրապարակած հրամանագիրին մէջ կը բացատրուի, թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի մահուան 800 ամեակի նուիրուած այս տարուան ընթացքին լիակատար ներում պիտի շնորհուի սովորական պայմաններով՝ Խոստովանքով, Սուրբ պատարագով եւ աղօթքով ՝Քահանայապետին դիտաւորութեան համար»։

Ներում ընդունելու պայմանները եւ շրջանակը

Հրամանագիրը, որ ստորագրուած է Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ, կը նշէ, թէ ներումը կը շնորհուի հետեւեալ պայմաններով.

Ֆրանչիսկեան ընտանիքի անդամներուն: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի միաբանութիւններու անդամներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք կը հետեւին Սուրբին հոգեւոր ուղիին։

Բոլոր հաւատացեալներուն: Անոնց, որոնք ուխտագնացութեան պիտի երթան ֆրանչիսկեան որեւէ եկեղեցի կամ սրբավայր ամբողջ աշխարհի տարածքին, հոն կատարելով աղօթք եւ խորհրդածութիւն։

Տարեցներուն եւ հիւանդներուն: Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն տունէն դուրս ելլելու, կրնան ստանալ ներումը՝ հոգեպէս միանալով արարողութիւններուն եւ իրենց ցաւերն ու տառապանքը Աստուծոյ ընծայելով։

Յոբելեանի նպատակը եւ հոգեւոր իմաստը

Այս յատուկ տարին կը հանդիսանայ 2025-ի Սուրբ Տարուան յաջորդականութիւնը։ Եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները չմոռնալու նախորդ տարուան բարի նպատակները, այլ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակով՝ դառնալ «խաղաղութեան մշտական վկաներ»։

Հրամանագիրը կը շեշտէ, որ մեր ներկայ ժամանակները նման են Սուրբին ապրած դարաշրջանին. երբ քրիստոնէական սէրը կը նուազի, տգիտութիւնն ու վատ բարքերը կը տարածուին, իսկ խաղաղութիւնը կը դառնայ աւելի անապահով։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կեանքը՝ իր աղքատութեամբ եւ խոնարհութեամբ, կը մնայ արդիական պատգամ մը՝ ուղղուած համաշխարհային համերաշխութեան եւ սիրոյ զօրացման։

Քահանայապետը կը յորդորէ բոլոր քահանաները ըլլալու պատրաստակամ եւ առատաձեռն՝ խոստովանութեան խորհուրդը մատուցելու համար, որպէսզի հաւատացեալները դիւրութեամբ ստանան աստուածային շնորհքը այս յոբելենական շրջանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 13:59