Որոնել

2026.01.20 Cristiani

Հռոմի Թեմին Համամիութենական Հսկումը Քրիստոնեաներու Միութեան համար

«Միութիւնը չի կառուցիր միայն աստուածաբանական յանձնաժողովներուն մէջ, այլեւ ծունկի և ձեռքերով` երբ աղօթենք միասին խաղաղութեան եւ հալածուած քրիստոնեաներուն համար, երբ մենք միասին կը ծառայենք աղքատներուն, գաղթականներուն, հիւանդներուն ու տարեցներուն ու կը պաշտպանենք մեր հասարակաց տունը, երբ աւելի լաւ կը ճանչնանք միւսին աւանդութիւնները ու միւսներուն մէջ կը ճանչնանք նոյնինքն Սուրբ Հոգիին գործը» Խաժակ Արք. Պարսամեան

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` 22 Յունուարի երեկոյեան Ժամը 18.30-ին, Հռոմի Սրբուհի Լուչիա ժողովրդապետութեան մէջ, տեղի ունեցաւ թեմական համամիութենական աղօթք՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուան շրջանակէն ներս, որուն մասնակցեցան Հռոմի մէջ ներկայ տարբեր քրիստոնէական դաւանանքներու ներկայացուցիչները։

Սրբազան արարողութիւնը նախագահեց Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, մինչ օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացուց Հոգեշ. Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանը, Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։

Օպերային երգիչներէ կազմուած ՔորԷական մեթոտիստական եկեղեցւոյ երգչախումբը, որ իր բարձրարուեստ և ներշնչող կատարումներով արարողութեանը հաղորդեց առանձնայատուկ հանդիսաւորութիւն, կատարեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալու «Յարևելից յարևմուտս», «Լոյս» և «Ճանապարհ» երգերը։

Իր քարոզին մէջ Սրբազանը ներկաներուն յիշեցուց քրիստոնէական հաւատքի բուն էութիւնը, որ ամփոփուած է Նիկիայի–Կոստանդնուպոլսի հաւատաւոր հանգանակի յայտնի արտայայտութեան մէջ. «Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ»։

Յիշելով Նիկիայի Տիեզերական ժողովի (325 թ.) 1700-ամեակը՝ Ան ընդգծեց, որ պատմական մի ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Եկեղեցին կ՛ ապրէր բաժանումների և դաւանական բախումների մէջ, Ան կարողացաւ յստակօրէն հռչակել ճշմարտութիւնը Քրիստոսի մասին։ Անոր խօսքով՝ այս հաւատամք այսօր ալ կը մնայ այն ամուր հիմքը, որ կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ անկախ պատմական բաժանումներից։

«Աշխարհի մը մէջ, ուր քրիստոնեաները ցրուած են բազմաթիւ համայնքներու մէջ, այս միասնական հաւատքի դաւանանքը շնորհքի նշան մըն է» ըսաւ Խաժակ Սրբազանը ակնարկելով այս տարուայ համար ընտրուած աղօթքներուն` որոնք իրենց ներշնչումը կը քաղեն Առաւօտեան Ժամերգութենէն։

«Քրիստոնեաներու միութիւնը չի ջնջեր տարբերութիւնը այլ կը համախմբէ մեր տարբեր աւանդութիւնները նման միակ արշալոյսի բազմազան գոյներուն» ըսաւ Գերաշն. Սրբազանը ակնարկելով նաեւ մարտիրոսներուն` որոնք տարբեր վայրերուն մէջ թափեցին իրենց արիւնը եւ այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին «մարտիրոսներու համամիութիւն» գաղափարին` երբ Ան կը հաստատէր թէ անոնց նահատակուեցան ոչ թէ իրենց դաւանանքի մը պատկանելիութեան համար է այլ պարզապէս Քրիստոսին աշակերտներ ըլլալուն համար։

«Անոնց վկայութիւնը դարձաւ միութեան սերմ մը» աւելցուց Քարոզիչ Սրբազանը ապա ակնարկեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին` միութեան ի սպաս անխոնջ հովիւին, որ թէեւ ապրեցաւ բաժանումներու դարաշրջանի մը մէջ սակայն երբեք այդ շէկը չընդունեց որպէս «սովորական» իրականութիւն եւ աղօթեց ու աշխատեցաւ ոչ թէ իր Եկեղեցւոյ ինքնութիւնէն հրաժարելով, այլ հաղորդութիւնը որոնելով ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ»։

«Սուրբ Ներսէսին համար Քրիստոս սիրելը կը նշանակէր փափաքիլ Անոր մարմնին միութիւնը» ըսաւ ապա Խաժակ Սրբազանը մէջբերում կատարելով հայոց մեծ հայրապետի աղօթքներէն ապա խօսքը կեդրոնացուց «Լոյսին համար» խօսքին վրայ։

«Քրիստոս «Լոյսէն Լոյս» է, յաւիտենական Որդին, ծնած Հօրմէն ի սկզբանէ։ Բայց Ան կու գայ մեր մէջ, որպէսզի մենք նոյնպէս լոյս դառնանք», նշեց Պարսամեան Արքեպիսկոպոսը հաստատելով, թէ «մեր քարոզութիւնը հաւատալի կը դառնայ եթէ ան յառաջ տարուի հասարակութիւններէ` որոնք կը ջանան քալել միասին հաշտութեամբ ու փոխադարձ սիրոյ մէջ»։

«Հաւատքի հիմնարար ճշմարտութիւններուն մէջ՝ միութիւն, երկրորդական հարցերուն մէջ՝ ազատութիւն, եւ ամէն բանի մէջ՝ սէր․ այս է ճշմարիտ աւետարանական ճամբան դէպի քրիստոնեաներու միութիւնը», ըսաւ Գերշ. Խաժակ արքեպիսկոպոսը աւելցնելով որ «միութիւնը կ՛աճի երբ մենք միասին մեր հայեացքը կ՛ուղղենք Յիսուս Քրիստոսին»։

«Միութիւնը չի կառուցիր միայն աստուածաբանական յանձնաժողովներուն մէջ, այլեւ ծունկի և ձեռքերով` երբ աղօթենք միասին խաղաղութեան եւ հալածուած քրիստոնեաներուն համար, երբ մենք միասին կը ծառայենք աղքատներուն, գաղթականներուն, հիւանդներուն ու տարեցներուն ու կը պաշտպանենք մեր հասարակաց տունը, երբ աւելի լաւ կը ճանչնանք միւսին աւանդութիւնները ու միւսներուն մէջ կը ճանչնանք նոյնինքն Սուրբ Հոգիին գործը։ Մէկ է արդարեւ լոյսը բայց ան կը ցոլայ բազմաթիւ շողերով» հաստատեց ի միջի այլոց Պարսմեանը դիտել տալով թէ բաժանումները կը մթագնեն միութեան գեղեցկութիւնը։

«Պարզապէս մեր այստեղ գտնուիլը՝ հայ առաքելականներ, ուղղափառներ, կաթողիկէներ եւ այլ համայնքներու քրիստոնեաներ, կողք կողքի աղօթելու համար, արդէն իսկ յոյսի նշան մըն է։ Ան կը յայտնէ աշխարհին, թէ Լոյսը աւելի զօրեղ է պատմութեան ստուերներէն» ըսաւ ապա քարոզիչ Արքեպիսկոպոսը ու հրաւիրեց միասնաբար նորոգելու միութեան ի սպաս յանձնառումը

«Յարութիւն առած Տէրը, ճշմարիտ Լոյս՝ Լոյսէն, թող մեզ դարձնէ արշալոյսի ժողովուրդ՝ քրիստոնեաներ, որոնք օրը օրին Անոր կ՛ուղղեն իրենց հայացածը կը, կը ստանան Իր լոյսը եւ կը տանեն լոյս ուրիշներուն» եղան ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2026, 12:06