Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ  գիտաժողով նուիրուած Լիմայէն Սրբուհի Ռոզայի Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ գիտաժողով նուիրուած Լիմայէն Սրբուհի Ռոզայի 

Լիմայէն Սրբուհի Ռոզան՝ ներշնչում նոր միսիոներական առաքելութեան

Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած Լիմայէն Սրբուհի Ռոզայի , Նոր Աշխարհի առաջին սրբուհիին։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի մօտ Փերուի դեսպանատան կողմէ։ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Սրբուհին ներկայացուց որպէս «մշտական միսիոնար» եւ ներշնչման աղբիւր՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար, յոյս յայտնելով, որ գիտաժողովը կարենայ ներշնչում ըլլալ նոր միսիոներական շարժումի մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միշտ երիտասարդ» սրբութիւն մը, որ կարող է խօսիլ ներկային հետ եւ ներշնչել նոր միսիոներական եռանդ։ Ահա այսպէս ներկայացուեցաւ Լիմայէն Սրբուհի Ռոզան՝ 27 Յունուարին Սուրբ Աթոռի մօտ Փերուի դեսպանատան կողմէ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը ընթացքին, նուիրուած Նոր Աշխարհի առաջին սրբուհիին։

Աշխատանքներուն բացումը կատարեց կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, որ Սրբուհին բնորոշեց որպէս «մշտական միսիոնար», աւելի շատ վկայ, քան ուսուցիչ, որ կարողացած է անցնիլ ովկիանոսներ եւ սերունդներ։ Ան ընդգծեց, թէ սրբուհիին կերպարը կը խօսի յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք աւելի զգայուն են վկայութեան ուժին, քան խօսքերուն, եւ կրնայ դառնալ նոր միսիոներական շարժումի արգասաւոր սերմ։

Բազմաթիւ զեկուցողներու միջամտութիւններուն ընթացքին շեշտուեցաւ սրբուհիին խոր ներքին չափանիշը, առօրեայ կեանքին մէջ արմատացած հոգեւորականութիւնը եւ իր ժամանակի տառապանքներուն հանդէպ մեծ զգայունութիւնը, յատկապէս հարկադրեալ աշխատանքի եւ ստրկութեան նկատմամբ։ Աշխարհական սրբութիւն մը, ապրուած աշխարհին մէջ, որ կը միացնէ խորհրդածութիւնը եւ բարոյական յանձնառութիւնը։

Լիմայէն Սրբուհի Ռոզայի կերպարին արդիականութիւնը վերջապէս կը հաստատուի յունուար 31-ին Վատիկանի Այգիներուն մէջ անոր արձանին բացման արարողութեամբ Լեւոն ԺԴ Պապին ներկայութեամբ։ Տեսանելի նշան հաւատարմութեան մը, որ կը շարունակէ խօսիլ համաշխարհային Եկեղեցիին եւ մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 08:00