2025.05.21 volti dei vangeli - buon samaritano

Հիւանդներու համաշխարհային Օրուայ պատգամի ներկայացումը` 20 Յունուարին

«Սամարացիին կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով միւսին ցաւը» վերտառութեամբ այս պատգամը կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ Պապի Քահանայապետութեան հիւանդներու համաշխարհային օրուան նուիրուած առաջին պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Յառաջիկայ 20 Յունուար 2026-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կը կատարուի Լեւոն ԺԴ. Պապին հիւանդներու 34րդ Օրուան նուիրուած պատգամին, որուն բնաբանն է. «Սամարացիին կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով միւսին ցաւը» եւ կը յիշատակուի ամէն տարուայ 11 Փետրուարին` որ է նաեւ Լուրտի Տիրամօր տօնը։

Ներկայացման ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի միջի այլոց Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի եւ Լուրտի Մարեմեան Սրբավայրի Մեծաւոր` հայր Միշել Տոպան։

2026-ի Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուայ համար Քահանայապետին կորղմէ ընտրած նիւթը` կենդրոնացած է սամարացիի աւետարանական կերպարի վրայ, որ սէր կը ցուցաբերէ՝ հոգ տանելով գողերու ձեռքերուն մէջ ինկած տառապող մարդուն։ Սէրը արդարեւ կը պահանջէ մտերմութեան շօշափելի արարքներ, որոնց միջոցաւ մենք կը կրենք ուրիշներու տառապանքը, յատկապէս անոնց` որոնք կ՛ապրին հիւանդութեան եւ յաճախ անկայունութեան վիճակի մէջ, աղքատութեան, մեկուսացման և առանձնութեան պատճառաւ։

«Սամարացիին կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով միւսին ցաւը» վերտառութեամբ այս պատգամը կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ Պապի Քահանայապետութեան հիւանդներու համաշխարհային օրուան նուիրուած առաջին պատգամը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 13:35