Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Սուրբ Պատարագ մատուցեց Պրիւքսելի Մայր Տաճարին մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Սուրբ Պատարագ մատուցեց Պրիւքսելի Մայր Տաճարին մէջ 

Կարդինալ Փարոլին Պրիւքսելի Մայր տաճարի 800-ամեակին. Եւրոպան պէտք է վերագտնէ իր մարդկային էական արժէքները։

Պրիւքսելի Մայր Տաճարի հիմնադրութեան 800-ամեակին առիթով, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յորդորեց Եւրոպան վերագտնել իր քրիստոնէական արմատներն ու մարդկային էական արժէքները՝ դիմագրաւելու համար ներկայ ժամանակներու տագնապներն ու պառակտումները։ Ան շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ զօրութիւնը ոչ թէ թուային առաւելութեան, այլ աւետարանական համարձակութեան եւ Աստուծոյ կամքին հանդէպ խոնարհ պատրաստակամութեան մէջ է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 11 յունուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ Պրիւքսելի Սուրբ Միքայէլ եւ Սուրբ Կուտուլա Մայր տաճարի հիմնադրութեան 800-ամեակի առիթով։

Անցեալ նոյեմբեր, 29ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը կարդինալ Փարոլինը նշանակած է որպէս Պապական նուիրակ՝ ներկայացնելու համար Քահանայապետը այս պատմական յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ։

Պրիւքսելի Մայր Տաճարի 800-ամեակի Յոբելենական պատգամը

Վատիկանի Պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին Իր քարոզը սկսաւ փոխանցելով Լեւոն ԺԴ. Պապին ջերմ ողջոյններն ու հոգեւոր մօտիկութիւնը Պելճիքայի Ժողովուրդին։ Ծիրանաւորը յատուկ յարգանքով ողջունեց թագաւորական ընտանիքը՝ նշելով Եկեղեցւոյ եւ պետական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ու բեղուն կապը։

Անդրադառնալով Պրիւքսելի Սուրբ Միքայէլ եւ Սուրբ Կուտուլա Մայր Տաճարի 800-ամեակին կարդինալը շեշտեց, որ քրիստոնէական հաւատքը պատմութենէն դուրս չ՝ապրիր, այլ կ՝աճի իրական վայրերու եւ համայնքներուն մէջ։ Այս տաճարը վկան է դարերու հաւատարմութեան, ուր իւրաքանչիւր սերունդ ստացած է ու փոխանցած հաւատքի աւանդը։ Տաճարի պաշտպան սուրբերը՝ Միքայէլ ու Կուտուլան կը խորհրդանշեն ճշմարտութեան եւ ծառայութեան միութիւնը։

Վերադարձ դէպի արմատներ. Քրիստոնէական արժէքները՝ Եւրոպայի ապագան

Իր հայեացքը ուղղելով դէպի Եւրոպա Ծիրանաւորը նշեց, որ Պրիւքսելը, ըլլալով տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներուն խաչմերուկ, կը յիշեցնէ, որ Եւրոպան ծնած է տարբերութիւնները համադրելու կարողութենէն, ընդգծելով, որ այսօր Եւրոպական ցամաքամասը կ’ապրի տագնապալի շրջան մը՝ լեցուն վախերով ու ներքին կոտրուածքներով ու այս կացութեան մէջ քրիստոնէութիւնը չի առաջարկեր թեքնիք լուծումներ, այլ՝ մարդկային էական արժէքներ, յիշեցնելով որ մարդկային արժանապատուութիւնը վեր է ամէն տեսակ հաշիւէ, իսկ խաղաղութիւնը կը ծնի դիմացինը ճանչնալէն։ «Այսօր Եւրոպան կ'ապրի տկարութեամբ, վախերով եւ պառակտումներով բնորոշուած ժամանակաշրջան մը, որոնք միայն քաղաքական կամ ընկերային չեն, այլեւ՝ ներքին ու մշակութային։ Դժուարութիւններ, որոնք կը հարուածեն զայն իր արմատներէն։ Այս հոլովոյթին մէջ, քրիստոնէութիւնը արհեստագիտական լուծումներ չիջեցներ, այլ կ'առաջարկէ մարդկային էական արժէքներ», ըսաւ Ան։

Քրիստոնէական վկայութիւնը Եւրոպայի մէջ. Ոչ թէ փոքրամասնութիւն, այլ՝ աղ ու լոյս»։

Մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պողօս Բ. Պապին պատգամը, կարդինալ Փարոլինը շեշտեց, որ Եւրոպան պէտք չէ վախնայ իր սահմաններն ու համակարգերը բանալու Քրիստոսի փրկարար զօրութեան առջեւ։ Ան ապա խօսելով Եկեղեցւոյ դերին մասին հաստատեց, որ այսօրուան մեծագոյն մարտահրաւէրը ոչ թէ փոքրամասնութիւն ըլլալն է, այլ ՝«աննշան» դառնալու վտանգն է։ Եկեղեցին կը տկարանայ, երբ կը դադրի ըլլալէ «աղն ու լոյսը»։ Եկեղեցին կատարելիութեամբ չէ որ կ՝ապրի, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքով եւ հաղորդութեամբ նշեց ի միջի այլոց Պետական Քարտուղարը հաստատելով` որ «Թուային տկարութիւնը չէ, որ կը տկարացնէ քրիստոնեայ համայնքին վկայութիւնը, այլ՝ անոր աւետարանական համարձակութեան կորուստը։ Եկեղեցի մը կը տկարանայ, երբ կը դադրի ըլլալէ համ տուող աղը, լուսաւորող լոյսը եւ աճեցնող թթխմորը»։

Յիսուսի Խոնարհումը եւ Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը

Անդրադառնալով Տիրոջ Մկրտութեան տօնին, Կարդինալ Փարոլինը ցոյց տուաւ Յիսուսի օրինակը, որ խոնարհեցաւ եւ մտաւ Յորդանան գետը՝ բաժնեկցելու համար մարդկային յոգնութիւնն ու փրկութեան սպասումը։

Այս խոնարհումն է, որ կը բանայ երկինքը։ Քրիստոնէական ներկայութիւնը պատմութեան մէջ պէտք է ըլլայ Յիսուսի նման՝ բարիք գործելով եւ բոլորը բժշկելով։

Իր քարոզի աւարտին, Կարդինալ Փարոլին յորդորեց հաւատացեալները նայելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որմէ Եկեղեցին կը սորվի, թէ պտղաբերութիւնը կը ծնի ոչ թէ կառոյցներու ուժէն, այլ Աստուծոյ կամքին հանդէպ ունեցած համեստ պատրաստակամութենէն։ Ան աղօթք բարձրացուց, որպէսզի այս Մայր Տաճարը շարունակէ մնալ բաց տուն եւ հաղորդութեան վայր, ուր Աւետարանը կը կերտէ արդարութեան եւ յոյսի տէր խղճմտանքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2026, 11:40