Սէութի մէջ Երիտասարդներու միջազգային օր Սէութի մէջ Երիտասարդներու միջազգային օր 

Քորէայի մէջ սկսաւ Երիտասարդներուն Միջազգային Օրուան խորհրդանիշներու ուխտագնացութիւնը

2027-ի Սէուլի Երիտասարդներու Միջազգային Օրուան ընդառաջ, Հարաւային Քորէայի թեմերուն մէջ սկսաւ խորհրդանշական քանդակներու, Խաչի եւ Տիրամօր պատկերի ուխտագնացութիւնը՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել միութիւնն ու հաղորդութիւնը: Այս նախապատրաստական փուլը նաեւ կը շեշտէ բնապահպանական յանձնառութիւնը, քանի որ քանդակները պատրաստուած են ամբողջութեամբ վերամշակելի նիւթերէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2027 թուականին Սէուլի մէջ տեղի ունենալիք Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան (ԵՀՕ) նախապատրաստական աշխատանքները թեւակոխեցին նոր եւ խորհրդանշական փուլ մը։ Սէուլի արքեպիսկոպոս՝ Փիթըր Սուն-թայք Չունկ, Միեոնկտոնկի մայր եկեղեցւոյ մէջ օրհնեց տասնհինգ քանդակներ, որոնք պիտի շրջագային Հարաւային Քորէայի բոլոր թեմերուն մէջ։

Առաքելութեան եւ միութեան խորհրդանիշներ

Այս տասնհինգ քանդակները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ համապատասխան թեմին անունը, կը հանդիսանան «համատեղ առաքելութեան եւ հաղորդութեան տեսանելի նշաններ»։ Արքեպիսկոպոս Չունկ յորդորեց հաւատացեալները «ջերմօրէն» հիւրընկալելու աշխարհի չորս կողմերէն ժամանող երիտասարդները եւ ամբողջ սրտով լծուիլ կազմակերպչական աշխատանքներուն, որպէսզի այս ձեռնարկը վերածուի իսկական տօնախմբութեան մը։

Խաչին եւ Տիրամօր պատկերին ճամբորդութիւնը

Միջազգային շրջապտոյտէ մը ետք, ԵՀՕ-ի խորհրդանիշ Խաչը եւ «Salus Populi Romani» Տիրամօր պատկերը վերադարձած են Քորէա։ Յունուար 21-ին անոնք սկսան իրենց ազգային ուխտագնացութիւնը՝ առաջին հանգրուան ունենալով Ուոնճուի թեմը։ Այս ուրբ խորհրդանիշները պիտի այցելեն երկրի բոլոր շրջանները եւ Սէուլ պիտի վերադառնան յունիս 2027-ին։

Բնապահպանական յանձնառութիւն

Հաւատարիմ մնալով բնութեան պահպանման սկզբունքներուն, վերոյիշեալ քանդակները պատրաստուած են ամբողջութեամբ վերամշակելի թուղթէ նիւթերով։ Այս ընտրութիւնը կը շեշտէ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը արարչագործութեան հանդէպ։Մօտաւորապէս 1.5 մեթր լայնութիւն ունեցող այս քանդակները պիտի ծառայեն որպէս միութեան կամուրջ՝ քորէացի հաւատացեալներուն միջեւ, պատրաստելով զանոնք 2027-ի մեծ հաւաքին, որուն նպատակն է յաղթահարել վախերը եւ յոյս ներշնչել նոր սերունդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 10:31