2026.01.31 GIUSTO MALTA PAROLIN

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի այցելութիւնը Մալթա

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը մեկնած է Մալթա Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք

31 Յունուարէն մէկ Փետրուար Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի այցելութեամբ մեկնած է Մալթա՝ Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով։

Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են հանդիպումներ Մալթայի նախագահ Սփիթըրի Տըպոնոյի եւ երկրի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ։

Շաբաթ 31 Յունուարի երեկոյեան Պետական Քարտուղարը գլխաւոր զեկուցողը կը հանդիսանայ է Ֆլորիանայի Արքեպիսկոպոսութեան մէջ տեղի ունեցող` դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60-ամեակին նուիրուած յուշարար արարողութեան։

Իսկ Կիրակի մէկ փետրուարին, Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութեան տօնին օրը, Ան առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60-ամեակին շրջանակէն ներս, անգլերէն լեզուով Պատարագ կը մատուցէ Վալլեթայի Սուրբ Յովհաննէս Համա-աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագին կը մասնակցին Մալթայի եւ Կոզոյի եպիսկոպոսները, Մալթայի մէջ առաքելական նուիրակը կղերական դասը եւ վաստակաւոր եպիսկոպոսները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 14:42