Փարոլին. Միննէսոթայի մէջ բռնութիւնը անընդունելի է
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
28 Յունուարին Հռոմի ԼՈՒՄՍԱ համալսարանին մէջ «Բարոյականութիւն եւ Տնտեսութիւն» հանդիպումի ընթացքին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը անդրադարձաւ շարք մը միջազգային հարցերու։ Ան շեշտեց, որ Սուրբ Աթոռը կը մերժէ բռնութեան ամէն ձեւ՝ անընդունելի նկատելով Միննէսոթայի մէջ ICE-ի գործողութիւնները, որոնք երկու ամերիկացի քաղաքացիներու մահուան պատճառ դարձած են։
Փարոլինը ընդգծեց, որ հակասութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ միջոցներով՝ համահունչ ամերիկացի եպիսկոպոսներու դիրքորոշումին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Կազայի վերակառուցման համար նախատեսուած, Թրամփի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուող Board of Peace-ին՝ նշելով, որ ծրագիրը ունի լուրջ քննադատելի կողմեր, եւ Սուրբ Աթոռը տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած մասնակցութեան մասին։
Դանիա կատարած այցելութեան մասին խօսելով՝ Փարոլինը յայտնեց, որ Կրենլանտիոյ հարցով դիւանագիտական երկխօսութիւնները դրական ընթացք ունին եւ յոյս յայտնեց, որ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ համաձայնութեան մը։
Վերջապէս, ան անդրադարձաւ Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի «Casa Sollievo della Sofferenza» հիւանդանոցի ֆինանսական ու աշխատանքային ճգնաժամին՝ վստահեցնելով, որ Սուրբ Աթոռը կը փորձէ լուծումներ գտնել, ապահովել թափանցիկութիւն եւ հոգալ աշխատողներու մտահոգութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ