Կարդինալ Փարոլինի մտահոգութիւնը Իրանի մէջ տիրող անվերջ ողբերգութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Մեծ մտահոգութիւն՝ Իրանի մէջ տեղի ունեցող «անվերջ ողբերգութեան» առնչութեամբ, որուն համար հարց կը յառաջանայ որ՝ «ինչպէ՞ս կարելի է սեփական ժողովրդի դէմ բռնութիւն կիրառել»: Ապա Վենեզուելլայի մէջ խաղաղ լուծման կողմնակից ըլլալու պատրաստակամութիւն, ուր Սուրբ Աթոռը փորձեց ձեռք բերել «համաձայնութիւն» մը, խուսափելու համար արիւնահեղութենէն։ Բազմակողմանի մօտեցման կարևորութիւնը՝ Կրենլանտիայի առկայ իրավիճակի լուծման համար, ապա երիտասարդներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ որպէսզի Լա Սփեցիա քաղաքին մէջ երիտասարդ ուսանողի դաժան սպանութեան ողբերգութիւնը չի կրկնուի։ Ասոնք Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը շաբաթ 17 Յունուարի երեկոյեան, պատասխանելով իրենց ուղղուած լրագրողներու հարցերուն, Հռոմի«Տոմուս Մարիէ» եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Փիեր Տորճօ Ֆրասատթթիի մասունքների ցուցադրութեան արարողութեան աւարտին։
Իրան
Փարոլին յայտարարեց որ Իրանի մէջ տեղի ունեցող «ընդհատուած ողբերգութիւնը» մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։ «Ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ սեփական ժողովրդի դէմ, երբ այնքան շատ զոհեր կան։ Ասիկա իսկապէս անվերջ ողբերգութիւն է»,– ըսաւ Ան ընդգծելով որ անհրաժեշտ է գտնել խաղաղ լուծում մը։
Վենեզուելլա
Պատասխանելով ապա Վենեզուելայի մասին ուղղուած հարցումին Ծիրանաւորը նշեց թէ Սուրբ Աթոռը փորձած էր համաձայնութեան մը յանգիլ, խուսափելու համար արիւնահեղութիւնէն, թէեւ այս մէկը կարելի չեղաւ։ Ան առ այդ մաղթանք յայտնեց որ ներկայ իրավիճակը որ յատկանշուած է մեծ անապահովութեամբ ուղղուի դէպի կայունութիւն ու տնտեսութեան վերականգնումին ինչպէս նեաւ Երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վերահաստատումին։
Կրենլանտիա
Խօսելով հուսկ Կրենլատին շուրջ ծագած վէճերու ու լարուածութիւններու մասին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը կոչ ըրաւ բազմակոմանիութեան արժէքին հաստատելով թէ կարելի չէ օգտագործել «ուժի լուծումներ», յիշելով Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք կիրառուած «համագործակցութեան հոգին» որ այսօր սակայն կը թուայ տկարացած։
Վէճերը լուծելն ու սեփական դիրքորոշումները միայն ուժի միջոցով պարտադրելը, բացի որ «անընդունելի» է, աւելի ու աւելի կը մօտեցնէ «միջազգային քաղաքականութեան ներքին պատերազմի», դիտել տուաւ Ան որ ակնարկեց նաեւ Իտալիոյ Լա Սփեցիա քաղաքին մէջ երիտասարդ ուսանողի մը դաժան սպանութեան լուրին այդ ծիրէն ներս ընդգծելով կրթութեան կարեւորութիւնը օգնելով երիտասարդներուն խորհելու եւ արժեւորուելու այն ինչ որ դրական է. Մէկ խօսքով «աւելի շատ կրթութիւն քան ճնշում»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ