Որոնել

Կարդինալ Փարոլին «Անթոնիանում» լսարանէն ներս Կարդինալ Փարոլին «Անթոնիանում» լսարանէն ներս 

Կարդինալ Փարոլին երիտասարդներուն. «Ձախողութիւններէն դասեր քաղեցէք եւ նուիրուեցէք քաղաքականութեան»

Հռոմի Անթոնիանում լսարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն՝ անդրադառնալով արհեստական բանականութեան վտանգներուն, մամուլի պատասխանատուութեան եւ խաղաղութեան կերտման գործընթացին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 յունուարին, երեկոյեան, Հռոմի Անթոնիանում լսարանին մէջ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հանդիպեցաւ շուրջ 700 իտալացի երկրորդական վարժարաններու ուսանողներու հետ։ Հանդիպումը, որ կը կրէր «Միջազգային երկխօսութիւն՝ երիտասարդները ապագային կապելու համար» խորագիրը, կազմակերպուած էր Osservatorio for independent thinking-ի հիմնադրման 25-ամեակի տօնակատարութիւններու փակման առիթով։

Արհեստական բանականութեան վերաբերող հարցումին՝ ուղղուած 18-ամեայ երիտասարդի մը կողմէ, Կարդինալ Փարոլինը նշեց, որ այս նիւթը «խորապէս կը զբաղեցնէ ու կը մտահոգէ Եկեղեցին» ու յայտնեց, որ Սուրբ Աթոռը կը դիտարկէ յատուկ «ուղեղային կեդրոնի» (think tank) ստեղծումը, աւելցնելով. «Եկեղեցւոյ ներդրումը բարոյագիտական մօտեցումն է. Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան եւ չդառնայ վտանգ»։

Մամուլը որպէս դաստիարակող ուժ

Անդրադառնալով ապատեղեկատուութեան եւ լրատուամիջոցներու դերին՝ ծիրանաւորը խօսեցաւ մամուլի դերին մասին՝ նշելով, որ լրատուամիջոցները պարտաւոր են ոչ միայն տեղեկացնել, այլեւ ձեւաւորել առողջ հասարակական կարծիք՝ հեռու մնալով ուրիշները դիւային համարելէ այլ օգնե անոնց միտքերը հասկնալի դարձնելու։ «Զանգուածային լրատուամիջոցները մեծ պատասխանատուութիւն ունին. անոնք պէտք է ձգտին նաեւ մարդոց կրթութեան ու ձեւաւորման»

Ձախողութիւնը՝ որպէս կեանքի ուսուցիչ

Պատասխանելով երիտասարդներուն յուզող կենցաղային հարցումներուն՝ Կարիդնալ Փարոլինը յորդորեց չվախնալ կեանքի ձախողութիւններէն։ Ըստ անոր՝ սխալները կեանքի լաւագոյն ուսուցիչներն են, եւ կարեւոր է զանոնք ընկալել որպէս աճելու եւ ինքնաճանաչման առիթներ, յատկապէս այսօրուան մրցակցային հասարակութեան մէջ։

Քաղաքականութիւնը՝ որպէս ծառայութեան գործիք

Աշխարհի մէջ տիրող բազմաթիւ հակամարտութիւններով մտահոգ Ճաքոմօ անունով երիտասարդի հարցումին կարդինալ Փարոլին կոչ ուղղեց երիտասարդներուն ներգրաւուելու քաղաքականութեան մէջ՝ զայն դիտելով որպէս աշխարհը դրականօրէն փոխելու եւ համայնքին ծառայելու ազդու գործիք։

«Դո՛ւք, երիտասարդներդ, զբաղեցէ՛ք քաղաքականութեամբ։ Մի՛ մերժէք զայն, այլ դիտեցէք որպէս միջազգային հանրութեան ծառայելու միջոց։ Քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ աշխարհը փոխելու ազդու գործիք մը, որուն համար արժէ ճիգ թափել»։

Սուրբ Աթոռի խաղաղարար առաքելութիւնը

Կարդինալ Փարոլինը իր խօսքը եզրափակեց յիշելով Վատիկանի դիւանագիտական միջնորդութեան յաջողութիւնները։ Ան օրինակ բերաւ 80-ական թուականներուն Արժանթինի եւ Չիլիի միջեւ Պիպըլ ջրանցքի շուրջ հակամարտութեան միջնորդութիւնը, որ ստանձնած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, ինչպէս նաեւ Փերուի եւ Էքուատորի միջեւ սահմանային վէճի խաղաղ լուծումը, փաստելով, որ երկխօսութիւնը միշտ ալ ունակ է բանալու խաղաղութեան դռները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2026, 11:39