Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլինը մեկնած է Դանիա

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կը գտնուի եւրոպական երկրին մէջ՝ որպէս Պապտական պատուիրակ, Սուրբ Անսկարի առաքելութեան սկիզբի 12-րդ դարադարձին առիթով։ Այցելութեան ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ դիւանագիտական հանդիպումներ, որոնց շարքին՝ այցելութիւն Թագաւոր Ֆրետերիք Ժ-ին եւ հանդիպում Արտաքին Գործոց նախարար Ռասմուսէնին հետ

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք

Այսօր՝ յունուար 24-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը մեկնած է Դանիա` որպէս պապական պատուիրակ գլխաւորուելու համար Սուրբ Անսկարի առաքելութեան սկիզբի 12-րդ դարեդարձին առիթով նախատեսուած արարողութիւնները։ Այցը, ըստ Պետական Քարտուղարութեան X (@TerzaLoggia) ցանցին վրայ հրապարակուած ծրագիրին, պիտի շարունակուի մինչեւ յունուար 26-ը։

Երեկոյեան աղօթքներ եւ համամիութենական հանդիպումներ

Այսօրուան ծրագիրը կը նախատեսէ մասնակցութիւն համամիութենական երեկոյեան աղօթքին Քոփենհակընի լուտերական մայր տաճարին մէջ (Vor Frue Domkirke)։ Ապա կարդինալ Փարոլինը պիտի հանդիպի դիւանագէտներու եւ այլ Եկեղեցիներու ղեկավարներու հետ։

Կիրակի՝ 25 յունուարին, ան պիտի այցելէ Հիլլերետի Sankt Josefs Karmel վանքը, ուր պիտի հանդիպի Պիրքէրոտի Vor Frue Kloster-ի պենետիկտեան միանձնուհիներուն եւ Քոփենհակէնի Sankt Ansga մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ վերոնշեալ 12-րդ դարադարձին պատարագը։

Դիւանագիտական հանդիպումներ

Երկուշաբթի՝ յունուար 26-ին, Պետական Քարտուղարը պիտի այցելէ Դանիոյ Թագաւոր Ֆրետերիկ Ժ-րդը Ամալիենպորկ պալատին մէջ, ապա պիտի հանդիպի Արտաքին Գործոց նախարար Լարս Լյոքքէ Ռասմուսէնին հետ։ Վերջապէս Ան պիտի այցելէ Վետպաքի Redemptoris Mater նորընծայարանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2026, 11:34