Որոնել

2026.01.21 Parolin Antonianum

Թրամփի եւ Եւրոպայի միջեւ լարումները կը վատթարացնեն միջազգային մթնոլորտը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը «Osservatorio for Independent Thinking - Անկախ Մտածողութեան Դիտարանի»ի հիմնադրման 25ամեակի տօնակատարութիւններուն եզրափակիչ հանդիպման ծիրէն ներս, պատասխանեց երիտասարդներու տարբեր հարցումներու՝ Միջին Արեւելքի, Վենեզուելայի եւ միջուկային զինաթափման վերաբերեալ։ ԱՄՆի եւ Եւրոպայի միջեւ լարումներու մասին լրագրողի մը հարցադրման անդրադառնալով, Ան նշեց, թէ «կարեւոր է քննարկել վիճայարոյց կէտերը, սակայն առանց վիճաբանութեան եւ առանց լարումներու մէջ մտնելու»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի, 21 Յունուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար,Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Հռոմի «Auditorium Antonianum» համաժողովներու կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ «Osservatorio for Independent Thinking - Անկախ Մտածողութեան Դիտարան»ի հիմնադրման 25ամեակի տօնակատարութիւններու «Երիտասարդները ապագային կապող միջազգային երկխօսութիւն» խորագիրով եզրափակիչ հանդիպումին, որուն ծիրէն ներս պատասխանեց լրագրողներու, ինչպէս նաեւ 10 երիտասարդներու տարբեր հարցումներուն՝ Միջին Արեւելքի, Վենեզուելայի եւ միջուկային զինաթափման, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ լարուածութեան վերաբերեալ։

Այս վերջինիս առնչութեամբ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով, Ծիրանաւորը նշեց, թէ «կարեւոր է քննարկել վիճայարոյց կէտերը, սակայն առանց վիճաբանութեան եւ առանց լարումներու մէջ մտնելու»։

Կազայի համար «Board of Peace»ին մասնակցութեան հրաւէրը

Կազայի համար նախատեսուած «Board of Peace»ին անդրադառնալով, Ան տեղեկացուց, որ. «Թրամփը կը խնդրէ տարբեր երկիրներու մասնակցութիւնը։ (…) Մենք ալ ստացած ենք հրաւէրը։ Սրբազան Հայրը ստացած է զայն, եւ կը տեսնենք թէ ինչ ընել։ Հարցը ժամանակ կը պահանջէ՝ խորացնելու եւ պատասխան մը տալու համար», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, ապա, պարզաբանեց, որ Սուրբ Աթոռը տնտեսական մասնակցութիւն չունի եւ, որ իր կարծիքով այդ «խնդրանքը տնտեսական մասնակցութիւն չ’ենթադրեր», նամանաւանդ, որ «ոչ միայն չենք կարող այդ ընել, այլ կը գտնուինք այլ իրավիճակի մէջ՝ ի տարբերութիւն այլ պետութիւններու։ Ուստի գնահատականը տարբեր պիտի ըլլայ», ըսաւ Ծիրանաւորը։

Միջազգային իրաւունքի յարգումը

Տոնալտ Թրամփի կողմէ՝ Տավոսի մէջ արտայայտած այն խօսքերուն մասին, թէ ինք կը սիրէ Եւրոպան, բայց գոհ չէ անոր ներկայ ուղղութենէն, Պետական Քարտուղարը ըսաւ. «Կարեւորը միջազգային իրաւունքը յարգելն է։ Անձնական զգացումները օրինական են, բայց առաջնահերթը միջազգային համայնքի կանոններու յարգումն է»։

Մամուլի ազատութիւնը եւ վստահութիւնը մամուլի նկատմամբ

Մամուլի ազատութեան մասին, Կարդինալը նշեց. «Մամուլի նկատմամբ վստահութիւնը չափազանց կարեւոր է», սակայն նոյնքան կարեւոր է «մամուլի պատասխանատու օգտագործումը։ Կը կարծեմ՝ սա է հիմնական բառը՝ պատասխանատու օգտագործում, որպէսզի կառուցենք եւ ոչ թէ բեւեռացնենք կամ քանդենք»։

Վենեզուելան՝ գեղեցիկ Երկիր

«Վենեզուելան շատ գեղեցիկ Երկիր է, ես մեծ հաճոյքով ապրեցայ այնտեղ՝ այն չորս տարիներուն, երբ Քարաքասի մէջ Առաքելական Նուիրակ էի։ Դա յուզիչ փորձառութիւն էր», ըսաւ Ծիրանաւորը՝ պատասխանելով հերթական հարցումին։ Ան ապա աւելցուց, որ 2009-էն սկսեալ կային լուրջ քաղաքական դժուարութիւններ, կար լարուածութիւն Չավեսի եւ եպիսկոպոսութեան միջեւ, քանի որ «եպիսկոպոսները քննադատութիւններ կը հնչեցնէին նախագահի քաղաքական գիծին նկատմամբ։ Հետագային իրավիճակը վատթարացաւ։ Այսօր կը գտնուինք մեծ անորոշութեան մէջ, դժուար է կանխատեսել զարգացումները։ Կարեւորը ժողովուրդին օգնութեան հասնիլն է, որ կ՛ ապրի խոր ճգնաժամի մէջ»։

Իրանը եւ «մաս մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմը»

Պետական Քարտուղարը յիշեցուց Եկեղեցւոյ տեսակէտը հակամարտութիւններու մասին. «Ճգնաժամերը անպատմելի տառապանքներ կը պատճառեն բնակչութեան։ Ասիկա է Սուրբ Աթոռի հայեացքը։ Նախ եւ առաջ ուշադրութիւնը ժողովուրդներուն վրայ է․ մենք պէտք չէ թիւերը դիտենք, այլ դէմքերը»։

Իրանի մէջ բողոքներուն հայող հարցումին, ան նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ «մաս մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմ» արտայայտութիւնը իրականութիւն դարձած է։ Սակայն, աւելցուց ան, «կը ցաւիմ, որ երբեմն այս արտայայտութիւնները կը վերածուին կարգախօսներու՝ առանց իրական ազդեցութեան եւ առանց լուծումներ գտնելու։ Սա մեր աշխարհի մեծ սահմանափակումն է»։

Միջուկային սպառնալիքը

Միջուկային սպառնալիքին մասին հարցումին պատասխանելով, կարդինալը վերահաստատեց, որ. «Սուրբ Աթոռը մշտապէս գործած է զինաթափման ի սպաս։ Պէտք է կրճատել զէնքերը, որովհետեւ երբ գոյութիւն ունին, վերջ ի վերջոյ կը գործածուին։ Սուրբ Աթոռը անբարոյականութիւն կը համարէ ոչ միայն միջուկային զէնքերու գործածումը, այլեւ՝ անոնց տիրացումը»։

Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը

Կարդինալ Փարոլինը համոզում յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւնը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանալին է. «Երբ այս հարցը լուծուի, մնացածներն ալ կը լուծուին»։ Ան յիշեցուց, որ Սուրբ Աթոռը արդէն տասը տարի առաջ ճանչցած է Պաղեստին Պետութիւնը եւ կը պաշտպանէ ու իրագործելի կը համարէ «երկու ժողովուրդ՝ երկու պետութիւն» «տակաւին կենսունակ» լուծումը։ «Սակայն ամենակարեւորը համաձայնութիւն գտնելն է եւ պաղեստինցի ժողովուրդին յոյս տալն է։ Տեսնենք, թէ ինչ պիտի պատահի Կազային հայող «Board of Peace»ի շրջանակին մէջ։ Պէտք է ստեղծագործ ըլլալ եւ գտնել այնպիսի լուծում, որ պաղեստինցիներուն ապահովէ իրենց հողին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2026, 08:00