Այս շաբաթ կ՜աւարտին Քահանայապետական տաճարներու Սուրբ Դռներուն աղիւսապատումները
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասեանեակի հրատարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի` որ այս շաբթուայ ընթացքին կ՜աւարտին Հռոմի Քահանայապետական չորս Պազիլիքայներու Սորբ Դռներուն աղիւսապատումը, այն դռներուն անցեալ օրերուն տեղի ունեցած փակման արարողւթիւններէն ետքը։
Արդարեւ երեկ` 13 Յունուարի երեկոյեան, ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ Santa Maria Maggiore Սուրբ Դռան աղիւսապատումը մինչ այսօր երեկոյեան կը կառուցի նաեւ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի պատը մինչ վաղը 15 Յունուարին՝ աղիւսապատումը կը կատարուի Պարիսպներէն դրուս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային եւ վերջապէս, ուրբաթ, 16 Յունուարին կը կառուցի նաեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դռան պատը։
Ըստ աւանդութեան, արարողութեան ժամանակ կառուցուած պատին մէջ կը տեղադրուին Սուրբ Դռան փակման արձանագրութիւնը պարունակող բրոնզէ տուփը, Դռան բանալին, Սուրբ Դռան վերջին փակումէն` այսինքն 2016-էն մինչեւ օրս կազմուած Քահանայապետական մի քանի մետալներ՝ եւ եթէ գոյութիւն ունի նաեւ պազիլիքայի մէկ յուշամետալը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ