«Լեւոն ԺԴ. Պապը Քոնկոյի մօտ Պապական Նուիրակ նշանակեց Գերպ. Ռելվենտէ Քիսիթօ Ուետրակոն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 28 յունուար-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Քոնկոյի Հանրապետութեան մօտ Պապական նուիրակ նշանակեց Գերպ. Ռելվենտէ Քիսիթօ Ուետրակոն՝ զայն բարձրացնելով արքեպիսկոպոսութեան աստիճանի։ Ծագումով պուրքինացի նորանշանակ Պապակապ նուիրակը մինչ այս կը պաշտօնավարէր Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործոց բաժանմունքին մէջ։
53-ամեայ Գերպ. Քիսիթօ Ուետրակօ, որ մասնագիտացած է ծիսագիտութեան մէջ, 2010 թուականէն ի վեր իր ծառայութիւնը կը մատուցէր Պետական Քարտուղարութեան մէջ։ Ան կը տիրապետէ չորս լեզուներու (ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն եւ գերմաներէն) եւ երկար տարիներ եղած է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի մօտիկ գործակիցը։
Նշանակման լուրը յայտնեց Վատիկան Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Վատիկանի մատենադարանին մէջ, ներկայութեամբ Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալակերի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ