Il nuovo mosaico con Papa Leone XIV alla Basilica di San Paolo

Քահանայապետերու խճանկարեայ դիմապատկերներու պատմութիւնը

Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին նախորդող օրը, Սուրբին նուիրուած Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ ներկայացուեցաւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին խճանկարային դիմանկարը։ Կլոր շրջանակի մէջ տեղադրուած պատկերը այդպիսով կը միանայ Սուրբ Պետրոսէն մինչեւ մեր օրերը բոլոր Քահանայապետերու խճանկարներուն։ Վատիկան Նիուզը կը վերակառուցէ Սուրբ Պետրոսի գործարանի Վատիկանի խճանկարի արուեստանոցի եւ արուեստագէտ Ռոտոլֆօ Փափայի բացառիկ համագործակցութենէն ծնած արուեստի այս գլուխգործոցի ծագումը՝ մխրճուելով պատմութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի դիմանկարի խճանկարեայ շրջանակաձեւ պատկերը՝ այսպէս կոչուած «քլիփէօ»ն, որ վերջերս տեղադրուեցաւ Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ ձախ հատուածի երկայնքով, ժամանակագրական կարգով վերջինն է Պետրոսէն մինչեւ մեր օրերը բոլոր Քահանայապետերու պատկերներու շարքին։ Ամէն Պապընտիր ժողովէն ետք, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, տարբեր մասնագէտներու խումբ մը, պարտաւոր է քրիստոնէութեան եւ պատմութեան յանձնել Հռոմի նոր Եպիսկոպոսի պատկերը։

Աւանդութիւն՝ հիմնուած Լեւոն Մեծ Քահանայապետին կողմէ

Քահանայապետերու պատկերներու աւանդութիւնը կու գայ Ե․ դարէն՝ հասնելով Լեւոն Մեծ Պապի ժամանակաշրջան եւ համաձայն «Codex Vaticanus Latinus 4407»ին, սկզբնական շրջանին այդ շարքը կազմուած էր նկարազարդ պատկերներէ։ 1823 թուականի աւերիչ հրդեհին հետեւանքով այս եզակի ժառանգութեան մեծ մասը ոչնչացաւ։ Փրկուեցան ընդամէնը 41ը, որոնք այսօր կը պահպանուին Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Աբբայութեան մենաստանին մէջ։

Հրդեհը եւ խճանկարային նոր պատկերները

Պիոս Թ․ Քահանայապետը ցանկացաւ վերականգնել աւանդոյթը եւ 1847 թուականին որոշում կայացուց Սուրբ Պետրոսի գործարանի Վատիկանի խճանկարի արուեստանոցին վստահիլ բոլոր Պապերու դիմանկարները վերստին իրականացնելու պարտականութիւնը։ Վատիկանի խճանկարի արուեստանոցին տնօրէն Փաոլօ Տի Պուոնօն կը բացատրէ, որ Պիոս Թ․ հաստատեց նկարիչներու յատուկ յանձնաժողով մը, որոնք այդ նոյն տարուայ մայիսէն մինչեւ հոկտեմբեր խաւաքարտի վրայ պատրաստեցին 262 յատուկ նախանկարներ՝ խճանկարի վերածելու համար, որոնք պատրաստ էին 1876 թուականին։ 137 սանթիմեթր տրամագիծով հսկայական չափեր ունեցող այդ «Քլիփէօ»ներով հնարաւոր է հմայիլ , անգամ եթէ կը գտնուին 13 մեթր բարձրութեան վրայ։

Արագութիւն, ճշգրտութեան եւ արուեստի համատեղում

Արագութիւնը, ճշգրտութիւնը եւ արուեստը համատեղելը այսօր ալ մեծ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ։

Լեւոն ԺԴ․ Պապի խճանկարային դիմանկարը՝ պատուիրուած 2025ի Յունիսին, աւարտեցաւ 2026 թուականի Յունուարին։

Վատիկանի խճանկարի արուեստանոցին վարպետներ՝ 11 խճանկարագործներ եւ 3 ուսանող-վարժուողներ, երեք ամսուան ընթացքին, անցեալ Հոկտեմբերէն սկսեալ, տեղադրեցին շուրջ 15 հազար խճաքարերը։

Մինչ այդ, անոր համար հիմք հանդիսացած արուեստագէտ Ռոտոլֆօ Պափայի գեղանկարչական իւղաներկը պատրաստ էր տակաւին անցեալ տարուայ Յուլիսին։ Ընտրութիւնը կատարած էր անձամբ Քահանայապետը՝անոր ներկայացուած նախնական ուրուանկարներէն։


Խմբային աշխատանք

«Չէի սպասեր նման կարեւոր յանձնարարութեան։ Պէտք էր հանգիստ պահէի ինքզինքս՝ իրավիճակը կառավարելու համար», «որոշ օրեր օրական տասնչորս ժամ շարունակ նկարեցի» խոստովանած է նկարիչ արուեստագէտը՝ իր «ստուտիօ»ին մէջ ընդունելով Վատիկան Նիուզի աշխատակիցները եւ յուզուած պատմելով իր զգացմունքները, որ յատկապէս իր գոհունակութիւնը յայտնած է խճանկարագործներու կատարած «բացառիկ աշխատանք»ի առնչութեամբ, ուր, ըստ անոր, հիանալի կերպով արտացոլուած են «ստուերները, եռաչափութիւնը, լոյսերը»։

Խճանկարի աշխատանքը

Խճաքարերը պատրաստուած են թէ՛ հին հռոմէական խճանկարի, թէ՛ թելային (filato) գիտարուեստով։ Առաջինի պարագային ապակեայ, մետաղական օքսիտներէ եւ այլ քիմիական նիւթերէ բաղկացած էմալի թիթեղը կը բաժնուի մօտաւորապէս 1x2 սանթիմեթր խիճերու, որոնք կը ստեղծեն գոյները։ Մինչ առաւել մանր մասերը, օրինակ՝ մազերը, կը ստացուին թելային խճանկարի միջոցաւ. այս պարագային բարակ էմալէ ձողեր կը հալեցուին շատ բարձր ջերմաստիճաններու տակ, ապա կը կտրուին ադամանդի փոշիով պատուած թելիկով։ Իսկ ոսկեզօծ խորապատկերի համար օգտագործուած է այլ մէկ՝ միջնադարեան հին մեթոտ, որ ստացած է “սենտուիչ” անունը կառուցուածքի իւրայատկութեան շնորհիւ, քանի որ բարակ ոսկիի թիթեղ մը պարփակուած է երկու ապակեայ շերտերու միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2026, 09:00