Հանդիպում Փոխնակ մայրութեան վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան նստավայրին մէջ Հանդիպում Փոխնակ մայրութեան վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան նստավայրին մէջ  

«Փոխնակ մայրութիւն. Գերպ Կալլակեր կը հաստատէ՝ անձը չի կրնար դառնալ փոխանակման առարկայ։

Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ, Պետութիւններուն եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեանց Վատիկանի Քարտուղարը ելոթ ունեցաւ « Միացեալ Ճակատ՝ յանուն մարդկային արժանապատուութեան, կանխել կանանց եւ երեխաներուն առեւտրականացումը փոխնակ մայրութեան մէջ» խորագիրով հանդիպումի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 13 յունուարին, կէսօրէ ետք, Հռոմի մէջ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան նստավայրին՝ «Փալացցօ Պորոմէոյի» մէջ տեղի ունեցաւ «Միացեալ Ճակատ՝ յանուն մարդկային արժանապատուութեան» խորագիրով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ փոխնակ մայրութեան (surrogacy) հարցը։ Հիմնական բանախօսներն էին Վատիկանի Պետութիւններուն եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններունն հետ յարաբերութեանց քարտուղար, արք. Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր եւ Իտալիոյ Ընտանիքի հարցերուն նախարար Էուճենիա Ռոչելլան։

Փոխնակ մայրութիւնը իբրեւ «գաղութատիրութեան նոր ձեւ»

Արքեպիսկոպոս Կալակերը իր ելոյթին մէջ փոխնակ մայրութիւնը բնորոշեց իբրեւ շահագործման ձեւ մը, որ կը նուաստացնէ կնոջ մարմինը եւ երեխան կը վերածէ «ապրանքի, ու յիշեց Լեւոն ԺԴ Պապի խօսքերը զոր դատապարտած էր այս երեւոյթը՝ զայն համարելով մարդկային արժանապատուութեան կոպիտ խախտում։

Անձը՝ առեւտուրի առարկայ

Վատիկանի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ մարդ արարածը չի կրնար դառնալ «փոխանակման առարկայ» կամ պայմանագրային գործարքի մաս։ Ըստ Աքրեպիսկոպոսին, փոխնակ մայրութիւնը կը դնէ չափահասներու ցանկութիւնը երեխայի իրաւունքներէն վեր։

Տնտեսական ճնշում եւ շահագործում

Արք Կալակերը նկատել տուաւ, որ յաճախ կիները այս քայլին կը դիմեն տնտեսական նեղ պայմաններու պատճառով, ինչ որ կը հակասէ «ազատ ընտրութեան» գաղափարին։ Ան քննադատեց այն միջազգային միտումը, որ կը փորձէ ոչ թէ արգիլել, այլ պարզապէս «կանոնակարգել» այս երեւոյթը, ինչ որ աւելի պիտի քաջալերէ նման առեւտուրը։

Իտալիոյ օրէնսդրական դիրքորոշումը

Նախարար Ռոչելլան ներկայացուց Իտալիոյ որդեգրած խիստ կեցուածքը, ուր 2024-էն սկսեալ փոխնակ մայրութիւնը կը համարուի ոճիր, նոյնիսկ եթէ անիկա կատարուած է արտասահմանի մէջ։ Ան պնդեց, որ յղիութիւնը չի կրնար «պայմանագրային» նիւթ դառնալ։

Միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը

Երկու բանախօսներն ալ համաձայնեցան, որ անհրաժեշտ է միջազգային միացեալ ճակատ մը ստեղծել՝ պաշտպանելու համար երեխաներու իրաւունքները եւ կանխելու կնոջ մարմինի օգտագործումը իբրեւ «գործիք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2026, 13:21