Սուրբ Աթոռը եւ կրօնական առաջնորդները կ'արձագանքեն Լեւոն ԺԴ․ Պապի՝ «անզեն» խաղաղութեան կոչին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
29 Յունուարին, իր Տարեկան Միջկրօնական Խաղաղութեան 17րդ Հանդիպման ծիրէն ներս Ժընեւի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական Առաքելութիւնը՝ առաջնորդութեամբ Մնայուն Դէտ եւ Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոյի, հիւրընկալեց շուրջ 300 դիւանագէտներ, դեսպաններ եւ կրօնական առաջնորդներ, որոնց քննարկման նիւթը եղաւ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին՝ 2026 թուականի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան՝ «Խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ դէպի անզէն և զինաթափող խաղաղութիւն» պատգամը։
Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան նուիրուած այս միջազգային ու միջկրօնական հարթակը 2009 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան՝ անդրադառնալու համար ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու եւ համապարփակ զարգացման տեսանկիւնէն՝ արտացոլելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը։
Յաղթել՝ առանց նուաճելու
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Արքեպիսկոպոս Պալեսթրերոն միջոցառումը բնութագրեց որպէս հակապատում՝ բռնութեան եւ պատերազմական տրամաբանութեան՝ ընդգծելով, թէ իսկական խաղաղութիւնը «կը յաղթէ առանց նուաճելու» եւ կը վարժեցնէ ոչ թէ պատերազմի, այլ հաշտութեան եւ համագործակցութեան։
Ան դիւանագէտներն ու հաւատացեալները կոչ ըրաւ մերժելու այն խօսքերն ու գաղափարները, որոնցմով հաւատքը կը շահագործուի բռնութիւնը արդարացնելու համար։
Պահանջկոտ յոյս
Երուսաղէմէն ժամանած լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան միջազգային հանրութիւնը հրաւիրեց չյուսահատիլ բռնութեան դէմ կանգնելու ճանապարհին։
«Խաղաղութենէն հրաժարիլ կը նշանակէ ընդունիլ պատերազմը որպէս մարդկային եւ միջազգային յարաբերութիւններու «սովորական լեզու», ըսաւ ան ու հաստատեց, որ «Լեւոն ԺԴ․ Պապին պատգամը միամիտ լաւատեսութիւն չէ, այլ պահանջկոտ յոյս»։
Անդրադառնալով Սուրբ Երկիրին՝ ան շեշտեց, թէ միայն զինադադարը բաւարար չէ. «Չկայ տեւական խաղաղութիւն առանց արդարութեան», իսկ իրական արդարութեան համար , ըստ անոր, պէտք է «ճանչնալ միւսը որպէս անձ, ոչ թէ որպէս գործիք կամ խոչընդոտ»։
Մարդասիրական հրամայականը
Միջոցառմանը ընթերցուեցաւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի յայտարարութիւնը, ուր կը փաստուին աշխարհի մէջ ընթացող 130 զինուած հակամարտութիւնները, կը շեշտուի մարդասիրական իրաւունքի հրատապութիւնը եւ կ’ընդգծուի, որ խաղաղութեան ճամբուն առաջին քայլերը մարդասիրական են․ «Մարդասիրական իրաւունքի յարգանքը կը փրկէ կեանքեր եւ կը պահպանէ խաղաղութեան վերադարձի ուղիները»։
Համընդհանուր կոչ
Քրիստոնէական, հրէական, մահմետական եւ պուտտայական առաջնորդներու խորհրդածութիւնները՝ ընդմիջուած ֆիլիփինեան եւ աֆրիկեան երգչախումբերու կատարումներով, ընդգծեցին Ժընեւի միջազգային համայնքի եւ Եկեղեցւոյ համամիութենականութիւնը։ Հանդիպումի աւարտին՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին յանուն խաղաղութեան աղօթք բարձրացաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ