Որոնել

Առաքելական ճամբորդութիւն Սլովաքիա Առաքելական ճամբորդութիւն Սլովաքիա  (Vatican Media)

Գերապ. Կալլակեր Սլովաքիա կը գտնուի՝ Սուրբ Աթոռի հետ Հիմնական Համաձայնագրի 25-ամեակին առիթով

Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Սլովաքիա՝ նշելու Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ միջեւ Հիմնական Համաձայնագիրի կնքման 25-ամեակը։ Եռօրեայ այցելութիւնը կը ներառէ բարձրաստիճան հանդիպումներ երկրի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն գիտաժողովի մը եւ հանդիսաւոր պատարագի մատուցում Պրաթիսլաւայի մայր տաճարին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունուար 30-էն սկսեալ, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալակեր կը գտնուի Սլովաքիա՝ նշելու համար Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ Հանրապետութեան միջեւ Հիմնական Համաձայնագիրի 25-ամեակը։ Այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ կիրակի՝ փետրուար 1։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պետական Քարտուղարութեան «X»-ի հաշիւը, այսօրուան յայտագիրը կը նախատեսէ հանդիպում Արտաքին գործոց նախարար Եուրայ Պլանարի հետ եւ քաղաքավարական այցելութիւն Հանրապետութեան նախագահ Փետեր Փելլեկրինիին։ Օրուան ժամադրութիւնները պիտի փակուին Պապական Նուիրակութեան մէջ դիւանագիտական մարմինին հետ հանդիպումով։

Վաղը՝ Յունուար 31-ին, Արք Կալլակեր պիտի մասնակցի Հիմնական Համաձայնագրի նուիրուած գիտաժողովին՝ Քոմենիուս համալսարանին մէջ, որմէ ետք պիտի այցելէ Նիթրա քաղաքը։ Իսկ Կիրակի օրը պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ Պրաթիսլաւայի Սուրբ Մարթինոս մայր տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2026, 13:34