Որոնել

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի եւ Փրոֆ. Տոն Ռոպերթօ Ռեկոլին, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի եւ Փրոֆ. Տոն Ռոպերթօ Ռեկոլին, 

«Հայր Ռոպերթօ Ռեկոլի՝ «Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ» Հիմնադրամի նոր նախագահ»

Վատիկանի «Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնադրամի նոր նախագահ նշանակուած է Փրոֆ. Տոն Ռոպերթօ Ռեկոլին, որ պիտի յաջորդէ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին։ Նորանշանակ նախագահին գլխաւոր նպատակն է շարունակել հանգուցեալ Քահանայապետին աստուածաբանական հարուստ ժառանգութեան տարածումը, յատկապէս երիտասարդութեան մօտ եւ 2027-ի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութեան ընդառաջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի «Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնադրամը ունի նոր նախագահ. յաջորդելով հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի տասնամեայ պաշտօնավարութեան, նոր նախագահ նշանակուած է Փրոֆ. Տոն Ռոպերթօ Ռեկոլին։ Վերջինս Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի եկեղեցական պատմութեան հեղինակաւոր դասախօս է եւ Քահանայապետերու ու դիւանագիտութեան պատմութեան մասնագէտ։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան կողմէ կատարուած այս փոփոխութիւնը կը զուգադիպի հիմնադրամի վարչական մարմիններու հնգամեայ լիազօրութիւններու նորոգման։ Վարչական խորհուրդի անդամներու շարքին են Արքեպիսկոպոս Կէորկ Կենսուայնը, իսկ Գիտական Յանձնախումբին մէջ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը բարձրաստիճան կարդինալներ եւ աստուածաբաններ։

Նորանշանակ նախագահ Ռեկոլին շնորհակալութիւն յայտնեց հայր Լոմպարտիին՝ անոր իմաստուն եւ ապահով առաջնորդութեան համար։ Ան նշեց, որ առջեւը կայ «հետաքրքրական հնգամեակ մը», որուն գլխաւոր հանգրուանը պիտի ըլլայ 2027 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ Պապի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը։

Յառաջիկայ տարիներուն հիմնադրամը պիտի կազմակերպէ միջազգային գիտաժողովներ, հրատարակութիւններ եւ ցուցահանդէսներ՝ տարածելու համար Ռացինկերի աստուածաբանական հարուստ ժառանգութիւնը։ Ռեկոլիի համոզմամբ, հանգուցեալ Պապին միտքը այսօր եւս կենսունակ է եւ կարեւոր ներդրում ունի թէ՛ գիտական բանավէճերու, եւ թէ՛ երիտասարդութեան հաւատքի վերագտման գործընթացին մէջ։

Ռացինկերի՝ իբրեւ աստուածաբան եւ քահայանայապետ, ժառանգութիւնը շատ կենդանի է, նաեւ հովուական ծառայութեան առումով, որպէս աղբիւր եւ հաստատում աշխարհի տարածքին դարձի գալու բազմաթիւ անձնական ուղիներու», կը հաստատէ Վատիկանի Հիմնադրամի նոր ղեկավարը։ «Իր մտածողութեան կենսունակութիւնը ոչ միայն ըսելիք ունի, այլ կրնայ նշանակալից ներդրում ունենալ մեր ժամանակի աստուածաբանական եւ մշակութային բանավէճերուն մէջ»։ Յոյսը եւ նաեւ յանձնառութիւնն այն է, որ Գերմանացի Քահանայապետին ձայնը «կարենայ շարունակել հնչել նաեւ Հիմնադրամին միջոցաւ»՝ ոչ միայն համալսարանական լսարաններուն մէջ, այլեւ՝ եւ յատկապէս՝ երիտասարդներուն մօտ, «որոնց պէտք է օգնել վերագտնելու հաւատքի գեղեցկութիւնը, նախ եւ առաջ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 08:00