Սուրբ Աթոռ-Պրազիլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 200-ամեակը. Կարդինալ Փարոլին պատարագ մատուցեց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, յունուար 23-ին, յետմիջօրէին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով նշեց Սուրբ Աթոռի եւ Պրազիլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 200-ամեակը։ Փորթուկալերէնով մատուցած Պատարագի ընթացքին Իր քարոզին մէջ, ծիրանաւորը բարձր գնահատեց այն հոգեւոր եւ մարդկային «կամուրջները», որոնք երկու երկիրները կապած են իրարու՝ սկսեալ 1826 թուականէն։
Խաղաղութեան ծառայութիւն եւ բռնութեան մերժում
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, ընդգծեց «բռնութենէն հրաժարելու» կարեւորութիւնը դիւանագիտութեան մէջ։ Դաւիթ թագաւորի օրինակով, որ խնայեց զինք հալածող Սաւուղի կեանքը, կարդինալը նշեց, որ իսկական իշխանութիւնը կը մաքրագործուի ոչ թէ տիրապետութեամբ, այլ՝ ողորմութեամբ եւ արդարութեան հանդէպ յարգանքով։ Ասիկա այն ուղին է, զոր Սուրբ Աթոռը որդեգրած է դիւանագիտական գործունէութեան մէջ՝ նախապատուութիւնը տալով խոնարհ ու լուռ երկխօսութեան։
«Դաւիթ,-դարձեալ կը պարզաբանէ կարդինալ Փարոլին,- կը հաստատէ, որ Աստուած՝ իր եւ Սաւուղի միջեւ դատաւորն է, եւ ասով ցոյց կու տայ, որ կը տածէ իշխանութեան եւ արդարութեան վեհագոյն գաղափար մը, որ հիմնուած չէ մարդու վրայ՝ մարդու տիրապետութեան վրայ, այլ՝ երկուքին աւելի մեծ օրէնքի՝ Աստուծոյ հաւատարմութեան հնազանդութեան վրայ, հրաժարումի եւ յարգանքի հետեւեալ արարքով, «իշխանութիւնը չի ջնջուիր, այլ կը մաքրագործուի»։
Եկեղեցւոյ դիւանագիտութիւնը
Պետական Քարտուղարը յիշեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի՝ 2025-ի մայիսին դիւանագիտական մարմնին ուղղուած խօսքերը, ուր Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէր, թէ Եկեղեցւոյ դիւանագիտութիւնը չի ձգտիր քաղաքական շահերու, այլ հիմնուած է պատմութեան բարոյական եւ հոգեւոր ընկալման վրայ, ուր համբերութիւնը կը յաղթէ բռնութեան, իսկ խիղճը՝ անմիջական շահին։
Տարբերութիւններու ներդաշնակութիւն
Անդրադառնալով Պրազիլի ժողովուրդի հաւատքին եւ Տիրամօր հանդէպ ունեցած ջերմեռանդութեան, կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Սուրբ Աթոռը երկու դար շարունակ եղած է Պրազիլի «ուղեկիցը»՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ընկերային վէրքերուն եւ կրթական մարտահրաւէրներուն։ Ծիրանաւորը դիւանագիտութիւնը նմանցուց առաքեալներուն խումբին, ուր տարբեր ծագում եւ բնաւորութիւն ունեցող անհատները կը միանան ոչ թէ միօրինակութեամբ, այլ՝ «տարբերութիւններու ներդաշնակութեամբ»՝ ի սպաս վեհ նպատակներու։
Նոր յանձնառութեան սկիզբ
Ի վերջոյ, Կարդինալը յայտնեց, որ այս 200-ամեակը ոչ թէ վերջակէտ է, այլ նոր սկիզբ՝ վերանորոգելու յանձնառութիւնը ի նպաստ մարդկային անհատի ազատութեան եւ արժանապատուութեան։ Ան Սուրբ Աթոռն ու պրազիլցի ժողովուրդը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ