Քուէյթ եւ Սուրբ Աթոռ. Կարդինալ Փարոլինի պատմական այցը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
14էն 16 Յունուար 2026-ին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Լեւոն ԺԴ. Պապին Պետական Քարտուղար, պաշտօնական այցով մեկնած է Քուէյթ։
Իր կեցութեան ընթացքին Ան հանդիպում կ՛ ունենայ Երկրի Վարչապետ` Նորին Վսեմութիւն Շեյխ Ահմատ Ապտուլլահ Ալ-Ահմատ Ալ-Սապահին հետ՝ հաստատելով երկու պետութիւններու միջև ամուր դիւանագիտական յարաբերութիւնները։
Կարդինալ Փարոլինի սոյն այցը մաս է Ահմատիի Արաբիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ՝ որպէս փոքր Պազիլիքա հռչակման տօնակատարութիւններուն, զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհեց 2025 թուականի յունիսի 28-ին:
Եկեղեցին Արաբական թերակղզիի առաջին փոքր Պազիլիքան է և Քուէյթի ամենահին կաթողիկէ եկեղեցին։ Սկզբնական մատուռը կառուցուած է 1948 թուականին, իսկ ներկայիս եկեղեցւոյ կառուցումը աւարտած է 1957 թուականին՝ որպէս տեղացի բարերարներու առատաձեռն նուէր։
Կարդինալ Փարոլինի այցելութեան առիթով հրատարակուած միատեղ յայտարարութեան մը մէջ Քուէյթը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը ի նպաստ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան, «արժէքներ` որոնք ամրագրուած են անոր հիմնադրութեան էտէալներուն մէջ ապա ներառուած Երկրի սահմանադրութեան մէջ»։
Յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է նաեւ հանգուցեալ Շէյխ Սապահ Սլ Ահմատ Ալ Ժապեր Ալ Սապահ Էմիրի 2010ին Սուրբ Աթոռ կատարած այցելութեան մասին որպէս երաշխիք երկու Պետութիւններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդումին ապա հաստատուած է թէ «Պազիլիքայի հռչակումին հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 16 Յունուար 2026-ին, գլխաւորութեամբ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոոլինին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ