2025.10.09 Santa Messa per il Giubileo della Vita Consacrata

Նուիրեալները՝ խաղաղութեան սերմեր, այնտեղ ուր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է

«Ներկայութեան մարգարէութիւն. նուիրեալ կեանք՝ այնտեղ ուր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է եւ հաւատքը փորձութեան մէջ է» խորագիրն է սա Նուիրեալ կեանքի եւ առաքելական ընկերութիւններու հաստատութիւններու Վերատեսչութեան ուղղած նամակին Նուիրեալ կեանքի Համաշխարհային 30-րդ Օրուան նախօրէին, որ կը նշուի 2 փետրուարին, եւ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապի նախագահութեամբ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նուիրեալ Կեանքի եւ Առաքելական Ընկերութիւններու Վերատեսչութիւնը` Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային 30-րդ Օրուան առիթով, որ կը յիշատակուի յառաջիկայ 2 Փետրուարին,  նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր Նուիրեալ կեանքի անդամներուն՝ «Ներկայութեան մարգարէութիւն. նուիրեալ կեանք՝ այնտեղ ուր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է եւ հաւատքը փորձութեան մէջ է» խորագիրով։

Նամակին մէջ շեշտուած է Նուիրեալ Կեանքի մարգարէական առաքելութիւնը՝ որպէս «ներկայութիւն, որ կը մնայ» այն միջավայրերուն մէջ, որոնք յատկանշուած են պատերազմներով, աղքատութեամբ, գաղթերով, անարդարութեամբ, բռնութիւններով եւ հաւատքի փորձութիւններով։

Վերատեսչութիւնը կը վկայէ, թէ նման իրավիճակներուն մէջ նուիրեալ անձանց հաւատարիմ, խոնարհ եւ ստեղծագործ ներկայութիւնը կը դառնայ նշան, թէ Աստուած չի լքեր իր ժողովուրդը։ «Մնալը» կը ներկայացուի ոչ որպէս անշարժութիւն կամ յանձնուողականութիւն, այլ որպէս աւետարանական եւ գործուն յոյս, որ ծնունդ կու տայ խաղաղութեան կեցուածքներու, երկխօսութեան, համբերութեան, փոքրերու պաշտպանութեան եւ խիզախ վկայութեան  մը` ի սպաս ճշմարտութեան ու արդարութեան։

Նամակին մէջ մատնանշուած է նաեւ, որ Նուիրեալ Կեանքի բոլոր ձեւերը՝ առաքելական, խորհրդապաշտական, աշխարհական հաստատութիւններ, Ordo virginum-ը եւ մենակեաց կեանքը, կը մասնակցին միեւնոյն մարգարէութեան՝ սիրով մնալու, չլքելու եւ չլռելու։

Նամակը եզրափակուած է յատուկ շնորհակալութեամբ ուղղուած Նուիրեալ Անձանց ՝ իրենց հաստատակամութեան համար, հրաւէրով՝ վերջին հոկտեմբեր 10-ին իրենց նուիրուած Յոբելեանի հոգիով, մնալու որպէս յոյսի ուխտաւորներ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ եւ յանձնուելու Տիրոջ՝ որպէսզի  կարողանան «մնալ», «մխիթարել» եւ «նորէն սկսիլ», եւ այդպէսով ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ «ներկայութեան մարգարէութիւն եւ խաղաղութեան սերմ մը։

Յայտնենք` որ Նուիրեալ Կաենքի Օրը  իր գագաթնակէտը կը գտնէ Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապի նախագահութեամբ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագով` 2 Փետրուարի երեկոյեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 08:48