Որոնել

Կարդինալներուն արտակարգ ժողով Կարդինալներուն արտակարգ ժողով  (@Vatican Media)

Կարդինալներու ժողով. Ծիրանաւորները որպէս խորհրդածութեան թեմաներ ընտրեցին սինոդականութիւնը եւ առաքելութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ կարդինալական ժողովին ընթացքին, շուրջ 170 կարդինալներ միասնաբար ընտրեցին սերտել սինոդականութեան եւ աւետարանութեան թեմաները՝ որդեգրելով փոխադարձ լսողութեան ու երկխօսութեան նոր գործելաոճ մը: Ժողովը շեշտեց Եկեղեցւոյ ներքին փոթորիկներուն քաջութեամբ առերեսուելու հրամայականը եւ Քահանայապետին հետ առաքելական տեսլականով գործակցելու կարեւորութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ գումարուած առաջին կարդինալական արտակարգ ժողովը, որուն մասնակցեցան աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած շուրջ 170 կարդինալներ։ Այս հաւաքին հիմնական նպատակն է սերտել Եկեղեցւոյ ապագայի ուղին՝ որդեգրելով «սինոդականութեան» մեթոտը, որ հիմնուած է փոխադարձ լսողութեան եւ երկխօսութեան վրայ։

Օրակարգի ընտրութիւնը եւ աշխատանքային ոճը

Հաւաքի առաջին օրը կարդինալները ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրեցին քննարկելիք երկու գլխաւոր թեմաները. «Սինոդ եւ Սինոդականութիւն» ապա «Եկեղեցւոյ Աւետարանութիւնն ու առաքելութիւնը «Evangelii Gaudium» շրջաբերականին լոյսին ներքոյ»։ Իրականին մէջ քննարկուելիք նիւթերը չորս էին եւ կ՛ընդգրկէին նաեւ ծիսակարգի եւ Հռոմէական Քուրիայի բարեփոխման հարցերը, բայց սեղմ ժամանակի պատճառաւ Քահանայապետը ժողովականներէն խնդրեց ընտրել միայն երկու նիւթեր, որոնց վրայ կեդրոնանալ երկու օր տեւող Ժողովի ընթացքին։

Առաջին օրուայ աշխատանքները 

Առաջին օրուայ աշխատանքները եւ խմբային ժողովները տեղի ունեցան Պօղոս Զ. Անուան սրահին մէջ, ուր կարդինալները բաժնուած էին 20 լեզուական խումբերու՝ նստած կլոր սեղաններու շուրջ, ինչ որ կը խորհրդանշէ հաւասարութիւն եւ եղբայրական մթնոլորտը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին առիթ տրուեցաւ 3 վայրկեան տեւող զեկոյց մը ունենալ, հետեւելով վերջին տարիներու սիւնհոդոսներուն ընթացքին որդեգրուած ընթացակարգին։

«Սիւնհոդոսականութիւնը այն ուղին է, որ Աստուած կ՛ ակնկալէ երրորդ հազարամեակի Եկեղեցիէն», - ըսաւ Սրբազան Պապը կարդինալներուն, որոնց, օրուայ աւարտին, ըսաւ նաեւ թէ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ իր յոյսը դնել անոնց վրայ։ Ան ապա բոլոր ներկաներէն խնդրեց պահպանել գաղտնիութիւնը ներքին քննարկումներու վերաբերեալ, երաշխաւորելու համար աւելի մեծ ազատութիւն։

Աւելի մանրամասն կերպով` Քոնչիսթորոն (Կարդինալական Ժողովը) սկիզբ առաւ ՍիւնհոդոսԻ Դահլիճին մէջ ուր Կարդինալ Ֆերնանտէս Արթիմէն` Նուիրեալ Կեանքի Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչը արտասանեց բացման խօսքը ապա տեղի ունեցաւ աղօթք, Աւետարանի ընթերցում ու երկու վայրկեան լռութիւն, որուն հետեւեցաւ Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէյի ողջոյնի խօսքը հուսկ, Կարդինալ Թիմոթի Ռատքլիֆի խորհրդածութիւնը։

Ժողովականները ապա ժամը 16.20 մինչեւ ժամը 18 փոխադրուեցան Պօղոս Զ անուան սրահ, ուր տեղի ունեցան խմբային նիստերը, որոնց ընթացքին որոշուեցան քննարկուելիք նիւթերը։ Յայտնենք որ այս աշխատանքներու աւարտին նախատեսուած չէ ոչ մէկ փաստաթուղթի հրատարակում ինչպէս ըսած էր Լեւոն ԺԴ. Պապը իր խօսքին մէջ։ Հաւաքին նպատակն է «աշխատիլ միասին» եւ «նոր բան մը ստեղծել»։

Կարդինալ Ռատքլիֆի Հոգեւոր Խորհրդածութիւնը

Օրուան հոգեոր խորհրդածութիւնը յանձնուած էր Տոմինիքեան միաբանութեան անդամ` Կարդինալ Թիմոթի Ռատքլիֆին որ անդրադարձաւ աշխարհը ցնցող «սոսկալի փոթորիկներուն»՝ զինուած հակամարտութիւններուն, աղքատութեան աճին եւ Արհեստական Բանականութեան անորոշութիւններուն, շեշտելով, որ «Եկեղեցին եւս զերծ չէ ներքին փոթորիկներէ, ինչպէս սեռական չարաշահումներուն տագնապը եւ գաղափարական բաժանումները»։ Ան յորդորեց իր եղբայրակիցները չվախնալու, այլ առերեսուելու դժուարութիւններուն «ճշմարտութեամբ եւ քաջութեամբ»։

Պապին եզրափակիչ խօսքը. «Կարիքը ունիմ ձեր աջակցութեան»

Լեւոն ԺԴ. Պապը, եզրափակելով օրուան առաջին օրուան նիստերու աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալներուն իրենց մասնակցութեան եւ աշխատանքին համար, շեշտեց հաւաքական ու համատեղ աշխատանքի կարեւորութիւնը ու նաեւ Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեամբ գործելու հրամայականը։

Ան ապա մէջբերեց մէկ օր առաջ` Աստուածայայտնութեան տօնին առիթոք արտասանած իր քարոզէն խօսքեր հարց տալով եթէ արդեօք «կեանք կայ Եկեղեցւոյ մէջ» ու «տեղ կայ Ծնեալին համար»։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ընդգծեց միսիոներական Եկեղեցի ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, որ կը նայի իրմէ աւելի անդին ու կը հռչակէ Աւետարանը՝ Քրիստոսը ունենալով որպէս կեդրոն։

«Ես կարիքը ունիմ ձեզի վստահելու եւ ձեր վրայ հենուելու», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով, որ կարդինալներն են որ զինք ընտրեցին այս առաքելութեան համար։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց որոշումներու համար և հրաւիրեց շարունակել երկխօսութեան եւ զատորոշումի գործընթացը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով մատուցուած ծառայութեան համար։

Նշենք, թէ կարդինալներու ժողովը կը շարունակուի նաեւ այսօր Յունուար 8-ին՝ ու թէ առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ ապա շարունակուեցան խմբային քննարկումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2026, 11:05