Կարդինալ Փարոլին յունուար 15-ին եւ 16-ին պիտի այցելէ Քուէյթ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական Քարտուար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պիտի այցելէ Քուէյլ՝ Յունուար 15-ին եւ 16-ին։ Պետական Քարտուղարութեան «X»-ի (@TerzaLoggia) հաշիւին հրապարակուած յայտագիրին համաձայն, Ծիրանաւորը տեղական քաղաքացիական տուած քաղաքավարական այցելութիւններէն ետք, Հինգշաբթի, 15 յունուարին, պիտի այցելէ Մեծ Մզկիթը եւ «Dar al Athar al Islamiyyah» «Իսլամական հնութիւններուն թանգարան։ Ան ապա հանդիպում պիտի ունենայ կղերական դասի անդամներուն եւ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուննհետ՝ Սուրբ Ընտանիք Համա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Հանդիպումները եւ արարողութիւններուն
Յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ երկու սուրբ Պատարագ, առաջինը՝ դարձեալ հինգշաբթի օր, Սուրբ Ընտանիքի մայր տաճարին մէջ՝ անոր օծման 65-ամեակի առթիւ։ Երկրորդը՝ Ուրբաթ օր, պիտի մատուցուի Ահմատիի «Արաբիոյ Մեր Տիրամօր» Փոքր պազիլիքային մէջ՝ Հիւսիսային Արաբիոյ Առաքելական փոխանորդութեան կողմէ անոր «փոքր Պազիլիքայի» կարգավիճակի բարձրացման առիթով։
Նշենք, որ Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդութիւն կը ներառէ Քուէյթը, Պահրէյնը, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ