Կարդինալ Քուրտ Քոխ Կարդինալ Քուրտ Քոխ  (Vatican Media)

«Մէկ Մարմին եւ Մէկ Հոգի». Կարդինալ Քոխ կը շեշտէ Հայ Եկեղեցւոյ պատրաստած բնաբանին կարեւորութիւնը

Քրիստոնեաներու միութեան Աղօթքի շաբթուան առիթով, Կարդինալ Քուրտ Քոխ վերահաստատեց Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը՝ շեշտելով, որ եկեղեցիներու «ձեռք-ձեռքի» քալելը հիմնական գործիք է համաշխարհային խաղաղութեան եւ հասարակութեան բարօրութեան համար։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ պատրաստուած «Մէկ մարմին եւ մէկ հոգի» բնաբանին՝ կոչ ընելով յաղթահարել պատմական պառակտումները եւ վերագտնել քրիստոնէական միութիւնը ընդհանուր հաւատքի ու աստուածաբանական երկխօսութեան ճամբով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնեաներուն միութեան Աղօթքի շաբթուան առիթով, Քրիստոնեաներուն Միութեան Խթանման վերատեսչութեան վերատեսուչ՝ Կարդինալ Քուրտ Քոխ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին վերահաստատեց Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը. Եկեղեցիները պէտք է քալեն «ձեռք-ձեռքի»՝ յանուն համաշարհային խաղաղութեան։ Ըստ Ծիրանաւորին, Համամիութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ հասարակութեան միայն այն պարագային, երբ եկեղեցիները չեն արտացոլացնեն աշխարհի պառակտումները, այլ կը հանդիսանան միութեան կենդանի նշան։ «Եթէ քրիստոնէութիւնը մնայ բաժնուած եւ կրուասէր, ան չի կրնար որեւէ դրական ազդեցութիւն ունենալ հասարակութեան վրայ», ըսաւ ան։

Այս տարուան Աղօթքի շաբթուան բնաբանը՝ քաղուած Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն «Մէկ մարմին եւ մէկ հոգի», պատրաստուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Կարդինալ Քոխ այս ընտրութիւնը որակեց իբրեւ «խորհրդանշական» յիշեցնելով, որ Պօղոս առաքեալ այս տողերը գրած է բանտէն։ Անիկա ցոյց կու տայ, որ միութեան հարցը քրիստոնէութեան համար ոչ թէ երկրորդական խնդիր է, այլ էական ու կենասական հրամայական մը, որ կը բխի Արեւելքի քրիստոնէական ակունքներէն։

«Ասիկա իրապէս Սուրբ Պօղոսի կողմէ միութեան ուղղուած կրքոտ կոչ մըն է. եթէ նկատի առնենք, որ Պօղոս այս նամակը բանտէն կը գրէ, կը հասկնանք, թէ որքա՜ն կարեւոր է այս հարցը իրեն համար։ Բանտի մէջ մարդ սովորական կամ անկարեւոր հարցերով չի զբաղիր», ըսաւ ծիրանաւորը։

Դէպի 2030-ի Յոբելեանը

Անդրադառնալով 2030 թուականին նշուելիք «Աուկսպուրկեան դաւանանքի» (Confessio Augustana) 500-ամեակին, Կարդինալ Քոխ յայտնեց, որ համամիութենական ճանապարհին վրայ թուականները չեն, որ կը վճռեն յաջողութիւնը, այլ՝ Սուրբ Հոգին։

Կարինալ Քոխ յիշեց աստուածաբան Վոլֆհարթ Փաննենպերկը, որուն համաձայն՝ եկեղեցիներու պառակտումը Բարեկարգութեան «ձախողութիւնը» հանդիսացաւ, քանի որ Մարթին Լութերի նպատակն էր վերանորոգել ամբողջ քրիստոնէութիւնը։ «Յիսուս մէկ եկեղեցի կամեցաւ,– կը շեշտէ Կարտինալը,– եւ ոչ թէ եկեղեցիներու բազմազանութիւն»։

Մարտահրաւէրներ եւ ապագայ տեսլական

«Եզրափակելով իր խօսքը Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման վերատեսչութեան վերատեսուչը շեշտեց Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին կարեւորութիւնը, որուն 1700-ամեակը վերջերս նշուեցաւ։ Միութիւնը կարելի է գտնել միայն ընդհանուր հաւատքին մէջ։ «Նիկիոյ մարտահրաւէրը կը մնայ արդիական»,— ըսաւ Ան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2026, 11:15