KUWAIT-RELIGION-CHRISTIANITY

Փարոլին. Քրիստոսի հետ նոյնիսկ անապատը կը դառնայ անվտանգ վայր անոնց համար, որոնք պաշտպանութիւն կը փնտռեն

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը որ այս օրերուն կը գտնուի Քուէյթ` Ահմատի քաղաքին մէջ նախագահեց «Արաբիոյ Տիրամայր» եկեղեցւոյ Փոքր Պազիլիքայի աստիճանին բարձրացման հանդիսութիւնը։ Իսկ երէկ հանդիպեցաւ Տեղական հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներուն հետ կոչ ուղղելով՝ ըլլալու «քահանաներ սիրոյ, ոչ թէ՝ կատարելութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 16 Յունուար 2026-ի առաւօտեան Կարդինալ Փիեէրօ Փարոլինը, որ այս օրերուն պաշտօնական այցով կը գտնուի Քուէյթ, Ահմատի քաղաքին մէջ նախագահեց «Արաբիոյ Տիրամայր» եկեղեցւոյ Փոքր Պազիլիքայի աստիճանին բարձրացման հանդիսութիւն եւ այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Ան ընդգծեց, որ այս եկեղեցին ապաստան եւ պաշտպանութիւն է տարածաշրջանին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար։

Մկրտութիւնը մարդը կը վերածնի, զայն կը դարձնէ նոր արարած, Եկեղեցւոյ անդամ եւ երկնքի քաղաքացի

Ծիրանաւորը յիշեցուց եկեղեցւոյ ծագումը՝ կառուցուած 1984 թուականին անապատի աւազներուն վրայ, նաւթարդիւնաբերութեան մէջ աշխատող օտարերկրացիներու հոգատարութեամբ։ Ան ապա ընդգծեց որ Մարիամի հանդէպ նուիրումը տարիներուն ընթացքին շարունակ աճած է եւ հրաւիրեց հաւատացեալները վկայելու, թէ Յիսուս Քրիստոսը ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ է։

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ նշեց` որ Մկրտութիւնը մարդը կը վերածնի, զայն կը դարձնէ նոր արարած, Եկեղեցւոյ անդամ եւ երկնքի քաղաքացի։ Մինչ քարոզի աւարտին Ան յոյս յայտնեց, որ Պազիլիքան պիտի զօրացնէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը բոլոր անոնց մէջ, որոնք հոն կը հաւաքուին, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները չվախնալ իրենց հաւատքը վկայելէ եւ իրենք զիրենք վստահելու Արաբիոյ Տրամօր որ է նաեւ համայն Թերակղզիի պաշտպան սրբուհին։

Իսկ մէկ օր առաջ 15 Յունուարին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Երկիրի վարչապետ Շեյխ Ահմատ Ապտուլլահ Ալ-Ահմատ Ալ-Սապահին հետ պաշտօնական հանդիպումէն ետքը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Ընտանիք Պազիլիքայի մէջ՝ անոր օծման 65-ամեակին առիթով եւ արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ան շեշտեց Տաճարին կարեւորութիւնը` որպէս Աստուծոյ ներկայութեան առանձնաշնորհեալ տարածք, որպէս համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոն։

Անապատի եւ ծովու միջեւ երկիր

Ծիրանաւորը Քուէյթը ներկայացուց որպէս Երկիր մը` որ պարփակուած է անապատի ու ծովու միջեւ։ «Լռութիւն» ու «ուղեցոյց» խորհրդանշող երկու տարրեր՝ միացած տարբեր մշակոյթներու պատկանող սերունդներ հիւրընկալելու մէջ, որոնք աշխարհի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու ընդմէջէն, խաղաղ ապաստան որոնելով, հասած են Քուէյթ եւ զայն գտած Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ըսաւ Ան։

Անապատը որպէս լռութեան եւ ունկնդրութեան վայր

Ըստ Անոր, լռութեան եւ ունկնդրութեան խորհրդանիշ անապատը «միայնութեան ֆիզիքական տարածք մը» չէ, այլ այն վայրը, ուր Աստուած առաջնորդեց իր ժողովուրդը «ուխտ հաստատելու եւ իր մօտիկութիւնը յայտնելու համար՝ զօրավիգ դառնալով անոր ճամբու ընթացքին»։ Ուստի, անապատը մաս կը կազմէ աստուածային «դաստիարակութեան», որ կը հրաւիրէ լռութեան եւ ունկնդրութեան, նկատել տուաւ Ծիրանաւորը։

Ծովը՝ ուղեցոյց

Իսկ ծովը ուղեցոյց բնութագրելով, Պետքարտուղարը նշեց, որ ան «զօրեղ նշանակութիւն» ունի Արաբական Ծոցի ջուրերուն շուրջ ապրող հասարակութիւններուն համար, որ յաճախ «անապատի հայելի» կ’անուանուի։ Հին ժամանակներուն մարդիկ կը սորվէին կարդալ աստղերը, որպէսզի չկորսուին «աւազներու անսահմանութեան մէջ», եւ նոյն կերպով ուշադրութիւն կը դարձնէին «կապոյտ անապատին»՝ ծովին, որուն ջուրերը դարձած են Յիսուսի եւ իր աշակերտներու հանդիպման, հրաշագործ ձկնորսութեան եւ փոթորիկի մէջ ջուրերու վրայ Քրիստոսի քալելու վայրերը։

Քուէյթի հարուստ եւ բազմազան համայնքները

Անապատի «աւազներու անսահմանութեան» եւ Ծոցի «անվերջ հորիզոնին» միջեւ գտնուող Պազիլիքան մշտական յիշեցում է, որ աշխարհի մարտահրաւէրներուն մէջ կայ խաղաղութեան ապաստան մը, ուր «հաւատքը կը դառնայ կողմնացոյց, իսկ Յիսուս Քրիստոս՝ ապահով ապաստան ամբողջ մարդկութեան համար», նշեց նաեւ Պետքարտուղարը եւ եզրափակեց իր քարոզը՝ շեշտելով «Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն, հարուստ եւ բազմերանգ, տարբեր ծէսերու պատկանող» քրիստոնէական համայնքներու բազմազանութիւնը», որ ամէն օր կը հաւաքուի այդ Տաճարին մէջ, «Եկեղեցւոյ կաթողիկէութեան նշանն է՝ միացած բազմազանութեան մէջ»։

Հանդիպում Հիւսիսային Արաբիայի Առաքելական Աթոռակալութեան հոգեւոր դասի հետ

Կարդինալ Փարոլինը, այնուհետեւ, Սուրբ Ընտանիք Պազիլիքայէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Արաբիայի Առաքելական Աթոռակալութեան հոգեւորականութեան եւ միաբաններուն հետ, անոնց եւս կրկին փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնը, որ «մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի տեղական միսիոնար Եկեղեցւոյ գործունէութեան»։ Յիշեցնելով Անոր խօսքերը Քահանաներու Յոբելեանին առիթով, Ծիրանաւորը հրաւիրեց ապրիլ ծառայութիւնը սիրով եւ ուրախութեամբ՝ «ըլլալով քահանաներ սիրոյ, ոչ թէ՝ կատարելութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 12:00