Որոնել

2026.01.26 cardinale Pietro Parolin- Danimarca

Կարդինալ Փարոլինը Դանիոյ մէջ. Սուրբ Անսկարի Յոբելեանը կոչ ապրուած եւ բաժնեկից հաւատքի

Քոփենհակընի լութերական մայր տաճարին մէջ մատուցուած Երեկոյեան ժամերգութեամբ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը, սկսաւ իր երկօրեայ այցելութիւնը Դանիա՝ ի յիշատակ Սուրբ Անսկարի առաքելութեան, որ սկսաւ Թ. դարուն։ Կարդինալ Փարոլինը ապա Կիրակի՝ 25 յունուարին, Քոփենհակընի Sankt Ansga մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց վերոնշեալ 12-րդ դարադարձին պատարագը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այս օրերուն կը գտնուի Դանիայի հանրապետութեան մէջ, որպէս պապական պատուիրակ՝ Սուրբ Անսկարի առաքելութեան սկիզբի 1200-ամեակ ի տօնակատարութեան առիթով։

Համամիութենական աղօթք

Այցելութիւնը սկսաւ շաբաթ 24 Յունուարի երեկոյեան Քոփենհակընի լութերական մայր տաճարին մէջ մատուցուած համամիութենական Երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն առիթով Ծիրանաւորը ընդգծեց` թէ քրիստոնէական միութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ մարդկային արտադրութիւն։ Ան ապա հաստատեց, որ միութիւնը համաչափութիւն չէ, այլ կենդանի հաղորդակցութիւն բազմազանութեան մէջ, եւ որ կաթողիկէներն ու լութերականները կրնան իրար ճանչնալ որպէս նոյն Քրիստոսի Մարմնի անդամներ։

Քրիստոնէական վկայութիւնը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան մէջ յստակ, սիրոյ մէջ գթառատ եւ գործի մէջ քաջ

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը յստակ կերպով մերժեց անտարբերութիւնը անհատներու եւ ժողովուրդներու տառապանքներուն դիմաց՝ ընդգծելով, որ քրիստոնէական վկայութիւնը պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան մէջ յստակ, սիրոյ մէջ գթառատ եւ գործի մէջ քաջ։

Ան նաեւ յիշեցուց, որ շնորհքը արտօնութիւն մը չէ, այլ ծառայութեան կոչ, եւ որ Սուրբ Հոգին տարբերութիւնները չի վերացներ, այլ կը ներդաշնակեցնէ զանոնք՝ ի շինութիւն ամբողջ Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Անսկարի քարոզութեան սկիզբի 12 դարադարձը

Իսկ Կիրակի 25 յունուարին, Քոփենհակընի Sankt Ansgar կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ գլխաւորած

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որ նուիրուած էր Սուրբ Անսկարի Դանիոյ մէջ առաքելութեան սկիզբի տասներկուերորդ հարիւրամեակի Յոբելեանին, Ծիրանաւորը քարոզին մէջ փոխանցեց Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին ողջոյնը՝ ընդգծելով սուրբ միսիոնարին վկայութեան այժմէական նշանակութիւնը։

Ան Սուրբ Անսկարը ներկայացուց որպէս հաւատքի օրինակ, որ ծնած է Աստուծոյ ներման փորձառութենէն եւ արտայայտուած է ազատագրութեան ու ծառայութեան շօշափելի գործերով։

Քրիստոսին հանդէպ հաւատարմութեան վրայ հիմնուած առաքելութիւն

«Անոր առաքելութիւնը, որ հիմնուած էր Քրիստոսին հանդէպ հաւատարմութեան եւ ոչ թէ յաջողութեան վրայ, այսօր եւս կը հրաւիրէ Եկեղեցին՝ ապրելու Աւետարանը որպէս արդարութեան, ողորմութեան եւ սիրոյ վստահելի վկայութիւն» նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը։

Ան ապա խօսելով Յոբելեանի մասին նշեց թէ անիկայ ոչ թէ իբր անցեալի հանդէպ կարօտալի յիշատակ է , այլ ներկայ պատասխանատուութեան ժամանակ, որ կը կոչէ Դանիոյ մէջ քրիստոնեաները համագործակցելու, յատկապէս սիրոյ եւ բարեգործութեան գործերուն մէջ, եւ հասարակութեան տալու միութեան ու յոյսի տեսանելի նշան մը։

Այս հանդիպումներ

Յայտնենք որ նախ քան Հռոմ վերադառնալը Կարդինալ Փարոլինը այսօր երկուշաբթի՝ յունուար 26-ին, կ՛ այցելէ Դանիոյ Թագաւոր Ֆրետերիկ Ժ-դը Ամալիենպորկ պալատին մէջ, ապա կը հանդիպի Արտաքին Գործոց նախարար Լարս Լյոքքէ Ռասմուսէնին հետ այցելութիւն տալով նեաւ Վետպաքի Redemptoris Mater նորընծայարանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2026, 11:18