2025.01.17 Coldiretti, Gambetti benedizione animali 2025.01.17 Coldiretti, Gambetti benedizione animali 

Կարդինալ Կամպեթթին Նախագահեց Անասնաբոյծներու յատուկ Պատարագին եւ կատարեց անասուններու օրհնութիւնը

Սուրբ Անտոն Անապատականի տօնին առիթով, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց անասնաբոյծներուն նուիրուած պատարագին՝ շեշտելով առօրեայ աշխատանքի հոգեւոր իմաստը եւ Աստուծոյ ձրի կոչին պատասխանելու կարեւորութիւնը: Արարողութեան աւարտին, ծիրանաւորը Պիոս ԺԲ. հրապարակին վրայ կատարեց անասուններու աւանդական օրհնութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 17 յունուարին, ժամը 11:00-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարի աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին նախագահեց Անասնաբոյծներու Իտալական Միութեան կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Պատարագին՝ Սուրբ Անտոն Անապատականի յիշատակի տօնին առիթով, Սուրբ Պետրոս տաճարէն ներս։

Ծիրանաւորը իր քարոզին մէջ կը շեշտ դրաւ քրիստոնէական կեանքի առանցքային մէկ կէտին վրայ. Յիսուս եկաւ կանչելու ոչ թէ արդարները, այլ մեղաւորները։ Ան յիշեցուց, որ ինչպէս Գալիլիոյ ծովուն եզերքը Յիսուս կանչեց ձկնորսներն ու մաքսաւորները իրենց աշխատանքի պահուն, այնպէս ալ այսօր Անոր հայեացքը կը հանգչի իւրաքանչիւրիս վրայ՝ մեր առօրեայ զբաղմունքներու ընթացքին։

Կարդինալը ապա մատնանշեց երկու հիմնական կէտեր.

Աստուծոյ նախաձեռնութիւնը

Քրիստոնէական գոյութիւնը նախ եւ առաջ պատասխան է Աստուծոյ ձրի եւ անակնկալ կոչին։ Յիսուս կ’ընտրէ մարդիկը, ոչ թէ անոնց առաւելութիւններուն համար, այլ որովհետեւ Ինք կ’ուզէ։ Անոր աչքին ոչ մէկ աշխատանք միւսէն աւելի կամ նուազ կարեւոր է. ըլլայ ձկնորս, պաշտօնեայ թէ անասնաբոյծ, բոլորն ալ կանչուած են հետեւելու Անոր։

Հետեւելու հրաւէրը

Յիսուս մեզ կը կանչէ, ոչ թէ պարզապէս վարդապետութիւն սորվելու, այլ իր ապրելակերպին ու մարդկային նոր նախագիծին մասնակից դառնալու։ Հետեւիլ կը նշանակէ ընթանալ Վարդապետի ճամբով՝ նախապատուութիւն տալով լուսանցքի վրայ մնացածներուն եւ ծառայելով ուրիշներուն։

Անդրադառնալով ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումին, Կարդինալը Կամպեթթին զուգահեռ մը կը գծեց Սաւուղի եւ ներկայ անասնաբոյծներուն միջեւ։ Ինչպէս Սաւուղը՝ կորսուած էշերը փնտռած ատեն Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցաւ ժողովուրդը առաջնորդելու, այնպէս ալ անասնաբոյծներուն աշխատանքը ունի խորագոյն հոգեւոր իմաստ։ Անոնց ուսերուն դրուած է արարչագործութիւնը խնամելու եւ Եդեմական պարտէզը պահպանելու պատասխանատուութիւնը։

Ծիրանաւորը Իր խօսքը աւարտեց ողջունելով Անասնաբոյծներու Միութեան յանձնառութիւնը՝ մարդոց մատուցելու առողջ եւ բարի բարիքներ ու մաղթեց, որ Սուրբ Անտոնի բարեխօսութեամբ, իւրաքանչիւր աշխատաւոր գիտակցի Աստուծոյ սիրալիր հայեացքին, որ մեզ կը մղէ դէպի լիակատար առողջացում եւ հոգեւոր նորոգութիւն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Սուրբ Պետրոս տաճարի աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին ուղղուեցաւ դէպի Պիոս ԺԲ. հրապարակ՝ կատարելու համար անասուններու օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 12:53